2012-09-06 11:11:39

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Պատգամը Համա-ափրիկեան Ժողովի Մասնակցող Կաթողիկէ Աշխարհականներու։


4-9 սեպտեմբեր, Գամերունի Եաունտէ քաղաքին մէջ կը գումարուի Ափրիկէի կաթողիկէ աշխարհականներու հաւաքը նախաձեռնութեամբ աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդին։ Հաւաքի բնաբանն է ''Յիսուս Քրիստոսի վկաներ այսօրուայ Ափրիկէի մէջ` ...երկրի աղը ու աշխարհի լոյսը''։
Պենետիկոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը անոնց ուղղած պատգամին մէջ կը գրէ <<ձեր այս հաւաքը կը ներկայանայ որպէս նշանակալից հանգրուան մը իրականացնելու այն ինչ որ Սուրբ Հոգին ներշնչեց սիւնհոդոսական հայրերուն Ափրիկէի նուիրուած յատուկ սիւնոդոսի ընթացքին, որ գումարուեցաւ Վատիկան 2009ի հոկտեմբեր ամսոյն մէջ։
Բազմաթիւ առիթներու ընթացքին Ափրիկէն կոչեցի ''Յոյսի ցամաքամաս'' քանի Ափրիկէն` Եկեղեցւոյ համար, կը ներկայանայ հաւատքի հայող լուսաւոր հորիզոն մը հակառակ պէսպէս դժուարութիւններուն ու խոչընդոտներուն որոնց կը հանդիպի։ Սակայն եթէ աւելի խոր նայուածքով դիտենք ափրիկեան ժողովուրդները կը նշմարենք հոգեւոր արժէքներու մեծ հարստութիւն` ինչպէս սէրը հանդէպ կեանքի ու ընտանիքի, ուրախութեան ու զօրակցութեան իմաստը, խանդավառութիւնը Տիրոջ հաւատքին մէջ ապրելու, որ ես ինքս անձամբ նկատեցի ափրիկեան ճամբորդութիւններուս ընթացքին։
Ապա Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ կը ներկայացնէ Սուտանցի սրբուհի Պախիթայի օրինակը որպէս յոյսի վկայ։ Ան ստրկութենէն դարձաւ ''Աստուծոյ ազատ դուստր մը'' եւ շնորհիւ քրիստոնէական յոյսի պարտականութիւնը զգաց ինքզինք ուրիշներուն նուիրելու եւ անոնց հաղորդելու Աստուծոյ ազատութիւնը։ Քրիստոսւի հետ հանդիպումը, կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամին մէջ, ոյժ կու տայ յաղթահարելու նոյնիսկ առ երեւոյթս յայտնուած աննուաճելի դժուարութիւնները։ Դուք կանչուած էք Ափրիկէն դարձնելու ''յոյսի ցամաքամաս'' այս թող ըլլայ ձեր յանձնառումը ու առաքելութիւնը որպէս այսօրուայ Քրիստոսի աշխարհական հաւատացեալներ։ Դուք կանչուած էր բարեփոխելու ընկերութիւնը, Ափրիկէն ձեզի պէտք ունի, ձեր դերը անփոխառինելի է։ Աշխարհականները մեծ դեր մը ունին կատրաելիք Եկեղեցւոյ ու ընկերութեան մէջ։ Համայն Ափրիկէն` փոքրն ու մեծը, այրն ու կինը կը սպասեն Աւետարանի բանբերները` ճշմարիտ քարոզիչները քրիստոնէական յոյսի։
Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամը կ'եզրափակէ հայցելով Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը ըսելով <<ինչպէս ձեր հաւաքը զայն կը կոչէ ''Ափրիկէի Տիրամայր, խաղաղութեան Թագուհի, Նոր Աւետարանութեան Աստղը'' ձեզի ամէնուդ կու տամ իմ առաքելական օրհնութիւնը։>>








All the contents on this site are copyrighted ©.