2012-09-06 12:11:52

Եւրոխորհուրդի Գլխաւոր Քարտուղար ԵԱԿԼԱՆՏ Կը Մեղադրէ Սաֆարովը "Հերոս Հռչակելը"։ Մարտին ՇՈՒԼՑ Մտահոգ Սաֆարովի "Ներում Շնորհուելու" Առնչութեամբ։


Եւրոխորհուրդի Գլխաւոր Քարտուղարը Թօրպըեորն Եակլանտ երէկ յայտարարութիւն մը հրապարակելով անդրադարձած է Ռամիլ Սաֆարովը արտայանձնելու ու անոր ներում շնորհելու հարցին, նշելով որ սպանութիւնները պէտք չէ փառաբանուին։ ՝՝Անընդունելի է որ սպաննութեան յանցանքով դատապարտեալ մը հերոս հռչակուի։ Ասիկա այն Եւրոպան չէ զոր պէտք է փափաքինք մեր սերունդներուն համար։ Ես կը դատապարտեմ յանցագործութեան նմանօրինակ փառաբանումը ՝՝ յայտարարած է Եակլանտ։
Միւս կողմէ Եւրոպական Խորհրդարանի Նախագահ Մարտին Շուլց նոյնպէս իր մտահոգութիւնը յայտնեց ադրբեջանցի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովի ազատ արձակման և ներում շնորհուելու առնչութեամբ:
Ըստ -ի, Շուլց , մասնաւորապէս, ըսած է .«Դատապարտուած անձերու փոխանցման վերաբերեալ համաձայնութիւնները պէտք չէ չարաշահիլ քաղաքական նպատակներով: Ես մտահոգուած եմ Ադրբեջանի նախագահի կողմէ Սաֆարովին քաղաքական նպատակներով ներում շնորհելու փաստով: Միևնոյն ժամանակ կոչ կ՝ընեմ Ադրբեջանին ու Հայաստանին խուսափելու այնպիսի գործողութիւններէ , որոնք կրնան բերել իրավիճակի առաւել վատթարացում »:








All the contents on this site are copyrighted ©.