2012-09-06 11:41:12

Եկեղեցիներու Համամիութենական Համաշխարհային Խորուրդի Սրտայոյզ Կոչը Սուրիոյ Խաղաղութեան Ի Խնդիր։


Կրետէի մէջ համախմբուած եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական կոմիտէն յայտարարութիւն մը հրապարակած է կոչ ուղղելով Սուրիոյ հարցով զբաղւող բոլոր խումբերուն կլոր սեղանի շուրջ նստիլու ու աշխատելու Սուրիոյ միութեան ի նպաստ։ Կեդրոնական կոմիտէն դիտել կու տայ որ քրիստոնեաներու ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ պատմական իրողութիւն մըն է ու անբաժան մէկ մաս կը կազմէ անոր ընկերութեան ու մշակոյթին ու վճրական դեր կը ունի ընկերութեան կառուցումին ու անոր յառաջդիմութեան համար։ Սուրիոյ քրիստոնեաները կը ներկայացնեն բնակչութեան տասը տոկոսը։
Կեդրոնական կոմիտէն կոչ կ'ուղղէ միջազգային հասարակութեան յարգելու Սուրիոյ ժողովուրդին կարողութիւններն ու պատասխանատուութիւնը ներկայ տագնապին շուրջ լուծում մը գտնելու ջանքերուն ու կը խնդրէ որ չփորձուի զինուորական միջամտութիւն կատարել։








All the contents on this site are copyrighted ©.