2012-09-05 12:18:30

Ֆրանսա Իր Մտահոգութիւնը Կը Յայտնէ՝ Սաֆարովի Շնորհուած Ներումին ի Տես ։ Պուտափեշտի Մէջ Հազարաւոր Հունգարացիներու Ցոյցը Խորհրդարանին Առջեւ։ Թուրքիա։ ՝՝Հաւաքական Խելագարութիւն՝՝ կը Գրէ Թրքական ՌԱՏԻՔԱԼ Թերթը Ազէրպէյճանին Համար ։


Ֆրանսան իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ 31 օգոստոսին ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու վերաբերեալ:
՝՝2006-ին վերջինս հունգարական արդարադատութեան կողմէ դատապարտուած էր ցմահ բանտարկութեան` 2004 թուականին Պուտափեշտի մէջ հայ սպայի աներեւակայելի սպանութեան համար», ըսուած է Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մամլոյ Բանբերի 3 սեպտեմբերի յայտարարութեան մէջ, զոր երէկ տարածեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի Դեսպանութեան Մամլոյ բաժանմունքը:
Միւս կողմէ հազարաւոր հունգարացիներ երէկ Հունգարիոյ խորհրդարանին առջեւ ցոյց կատարեցին` բողոքելով Ռամիլ Սաֆարովը Ազրպէյճանին արտայանձնելու հունգարական կառավարութեան որոշումին դէմ:
Իսկ Հունգարիոյ Վարչապետը պատասխանեոով ՝՝թէ արդեօք հունգարական կողմը ազրպէյճանական իշխանութիւններուն հետ գաղտնի համաձայնութեան եկա՞ծ է, Վարչապետ Վիքթոր Օրպան ըսած է. «Հունգարիան ժողովրդավար պետութիւն է: Միջազգային չափանիշերը եւ իրաւունքները չեն հիմնուիր գաղտնի համաձայնութիւններու վրայ»:
«Մարդասպան Սաֆարովը Հերոսացնելը Հաւաքական Խելագարութեան Դրսեւորում »
Կը Գրէ Թրքական «Ռատիքալ» Օրաթերթը։
Օրհան Քեմալ Ճենկիզ թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթին մէջ կը գրէ, որ «Ազրպէյճան այս օրերս հաւաքական խելագարութեան մէջ կը թաւալի: (…) Հունգարական դատարանը ցկեանս բանտարկութեան դատապարտեց Սաֆարովը, սակայն հաւատալով Ազրպէյճանի խոստումներուն, թէ ան պատիժը Ազրպէյճանի մէջ պիտի շարունակէ կրել, զինք կը յանձնէ Ազրպէյճանին:
«Սակայն ի՞նչ պատիժ: Ազրպէյճանի մէջ Սաֆարովը կ՛ընդունին իբրեւ ազգային հերոս, կը ներեն, կը վերադարձնեն պաշտօնին, տուն կը նուիրեն, կը վճարեն հաւաքուած աշխատավարձը: Հայ սպան վայրենաբար սպաննած Սաֆարովի շուրջ կը սկսին հերոսական պատմութիւններ շրջանառութեան դրուիլ: Եթէ ասիկա հաւաքական խելագարութիւն չէ, ապա ի՞նչ է: Այժմ այս հաւաքական խելագարութեան պատճառով ամբողջ Կովկասը կը սկսի եռալ, եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ լարուածութիւնը արագ կերպով կ՛աճի»:








All the contents on this site are copyrighted ©.