2012-09-05 12:29:13

Չինաստան Քիմիական Զէնքերու Օգտագործման Եւ Սուրիոյ Մէջ Ռազմական Միջամտութեան Կ՛ընդդիմանայ։


Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հոնկ Լի յայտնեց, որ «Չինաստան բուռն կերպով կ՛ընդդիմանայ որեւէ երկրի կողմէ քիմիական զէնքերու զարգացման, արտադրման կամ օգտագործումին»` աւելցնելով, որ «Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան մեր ընդդիմութիւնը յարատեւ է եւ յստակ»:
Ան միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` «պատասխանատու կեցուածք որդեգրելու եւ սուրիական տագնապի քաղաքական լուծումին յանձնառու մնալու»:

Իսկ Իտալիոյ Պաշտպանութեան Նախարար Ծովակալ Ճիանփաօլօ տի Փաօլա յայտարարեց, որ իր երկիրը կարողութիւնը ունի Սուրիոյ մէջ որեւէ միջամտութեան մասնակցելու, «նոյնիսկ եթէ այդ մէկը զինուորական ըլլայ»:
Տի Փաօլա յայտնեց, որ «եթէ միջազգային ընտանիքը նախագահ Պաշշար Ասսատէն (հեռացումէն) ետք Սուրիոյ մէջ միջամտել որոշէ, նոյնիսկ եթէ միջամտութիւնը զինուորական ըլլայ, Իտալիա կրնայ մասնակցիլ»:
«Ես չեմ ըսեր, որ Իտալիա Սուրիոյ մէջ պիտի միջամտէ, այլ ըսել կ՛ուզեմ, որ եթէ ՄԱԿ-ը այդ երկրին մէջ կայունութեան հաստատման համար որոշ միջամտութիւն մը որոշէ, ապա Իտալիա այդ մէկը կատարելու կարողութիւնը ունի», ըսաւ ան` շեշտելով, որ ատիկա «կառավարութեան եւ խորհրդարանին որոշումը պիտի ըլլայ»:

Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտարարեց, որ «լիկան Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման կառչած կը մնայ» եւ Ասատի վարչակարգը պատասխանատու նկատեց անցնող ամիսներուն ընթացքին Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու առիթը փախցնելու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.