2012-09-05 13:01:43

Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի Բողոքի Նամակը Ի Լուր Ռամիլ Սաֆարովի Հունգարիոյ Կառավարութեան Կողմէ Ազրպէյճանի Յանձնման, Եւ Այս Վերջինին Կողմէ Անոր Ազատ Արձակման Եւ Գնդապետի Կոչում Շնորհման։


Մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի Հունգարիոյ կառավարութեան կողմէ Ազրպէյճանին յանձնումի լուրը եւ նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի կողմէ անոր անմիջապէս ներում շնորհուիլը, մեծ վիշտ ու զայրոյթ պատճառեց բոլորին յատկապէս մարդու իրաւունքը ու արդարութիւն պաշտպանող իւրքանչիւր անհատի...
Հռոմի Հայ Համայնքի խորհուրդը եւս բողոքագիր մը յղեց որուն մէջ, յայտնեց իր ընդվզումը Հունգարիոյ կառավարութեան ։
Ռամիլ Սաֆարով 2004 թուականին Պուտաբեշտի մէջ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինահարած էր ու իր այս ոճիրին համար ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած. սակայն այդպէս չեղաւ... ոչ ոք կը սպասէր կամ կրնար երեւակայել որ Հունգարիոյ նման ժողովրդավար եւ քաղաքակիրթ պետութիւն մը ոտնակոխ ընէր մարդկային իրաւունքն ու արդարութիւնը. ասիկա նախատինք է 26-ամեայ երիտասարդին յիշատակին, որ վայրագօրէն սպաննուեցաւ առանց յանցանք ունենալու պարզապէս որովհետեւ ՀԱՅ էր... ու ասոր համար ալ ատուած ազերիներէն։
Հունգարիոյ կառավարութեան արդարացումը, թէ ՜՜Ազրպէյճան խոստացած էր, որ Սաֆարով պիտի շարունակէ կրել իր պատիժը՝՝ հաւատալի չէ այլ մանաւանդ ծիծաղելի կը թուի, այն աստիճան որ նոյնիսկ ԱՄՆի նախագահ Պարաք Օպամա պարտականութիւն համարեց արտայայտել իր անհաւանութիւնը՝ դէպքին ու Հունգարիոյ պետութեան նկատմամբ։
Հունգարիա ինքզինք կ՝արդարացնէ ըսելով. ՜՜ինք չէր գիտեր որ Սաֆարով անգամ մը դուրս ելած Հունգարիայէն ու Ազրպէյճան հասած՝ Օվսաննաներով պիտի ընդունուէր, եւ որպէս ազգային հերոս պիտի դիմաւորուէր ու պատիւներու արժանանար...՝՝
Այժմ թող ճանչնայ Ազրպէյճանը, որուն հետ ՜՜ոչ բարոյական՝՝ համաձայնութիւն մը կնքեց իր շահերը փնտռելով...
Ամօթալի արարք է այս...
Հռոմի Հայ Համայնքի խորհուրդը կը հրաւիրէ Հունգարիոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը որ թարգմանը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի զգացումներուն, դատապարտէ Ալիեւը մարդասպանին ներում շնորհելուն համար ու ներողութիւն խնդրէ Հայաստանէն, հայ ժողովուրդէն ու Մարգարեան ընտանիքէն։

Այս Բողոքագիրը յղուեցաւ Հունգարիոյ մօտ Իտալիոյ դեսպանին, Իտալիոյ տարածքին վրայ գտնուող հունգարիոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն, իտալական մամուլին, ու քաղաքական հաստատութիւններուն։ Բացի այդ բողոքագիրէն՝ որ հրատարակուած է Հռոմի Հայ Համայնքի խորհուրդի կայքէջին վրայ (www.comunitaarmena.it) Խորհուրդը ներկայացուց նաեւ հարցին շուրջ այլ նիւթեր ինչպէս նաեւ Աղթամար երկլեզու ելեկտրոնային պարբերականին մէջ յատուկ անդրադարձ կատարեց։
Լուրը հաղորդեց ՜՜Թէլէբաչէ Արմենիա՝՝ Խաղաղութեան Ձայն հեռուստաժամը եւ Ռատիովատիկանի հայկական բաժինը։ Իտալական զանազան թերթեր թարգմանը հանդիսացան Հռոմի ու Իտալիոյ հայերու զգացումներուն, անդրադառնալով՝ դէպքին, մէջբերելով բողոքագիրի պարունակութիւնը... Հռոմի Հայ Համայնքը մտադիր է հարցը ներկայացնել նաեւ Իտալական ազգային ժողով որակելով արարքը «բռնաբարում միջազգային օրէնքի եւ արդարութեան սկզբունքներուն»








All the contents on this site are copyrighted ©.