2012-09-05 12:25:17

Հայաստան Եւ Արժանթին Համաձայնեցան Աւելի Եւս Զարգացնել Իրենց Բարեկամական Յարաբերութիւնները.


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան ժամանած Արժանթինի արտաքին գործոց նախարար Հեքթոր Մարքոս Թիմերմանը:
Ըստ Թիմերմանի, Հայաստան Արժանթինի համար պարզապէս երկիր չէ, այլ` բարեկամ երկիր, որուն պատմութիւնը յարգանքի արժանի է: Նախարարը վստահեցուց, որ Արժանթինի ժողովուրդին ցանկութիւնն է խորացնել համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ, եւ իր երկրին կառավարութիւնը ատիկա իրականացնելու բոլոր կարելիութիւնները ունի: Կողմերը դրուատանքով խօսեցան Արժանթինի մէջ մեծ հեղինակութիւն վայելող հայ համայնքին մասին եւ մեծապէս կարեւոր նկատեցին համայնքին դերը երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ:
Երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան ժամանած Արժանթինի արտաքին գործոց նախարար Հեքթոր Մարքոս Թիմերմանի հանդիպումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.