2012-09-05 12:51:23

Բիեռօ Տի Տոմենիքանթոնիօ Վատիկանի Օսերվաթորէ Ռոմանօյի Խմբագրութեան Նոր Տնօրէն ։


54 տարեկան Բիեռօ տի Տոմենիքանթոնիօ նոր խմբագրութեան նոր տնօրէնը կը յաջորդէ Անթոնիօ Քիլայի որ 18 տարուայ վեհանձն նուիրումէ ետք, տարիքի բերումով, կը թողու խմբագրութիւնը։ Նոր տնօրէնը` նշանակուած ընդհանուր խմբագրապետ Ճիովաննի Մարիա Վեանի կողմէ, օրաթերթին մէջ կ'աշխատէր 1978էն ասդին։ Ան եղաւ յղացողը Օսսերվաթորէ Ռոմանօյի համացանցի նոր կայքին` www.osservatoreromano.va, որ եօթը լեզուներով կը հրատարակուի։
Յայտնենք որ Օսսերվաթորէ Ռոմանօն հիմնուած է հեռաւոր 1861-ին։ Ամէն օր իտալերէն լեզուով կը հրապարակուի իսկ շաբաթը մէկ անգամ կը հրատարակուի ֆրանսերէն, անգլերէն, սպաներէն եւ փորթուկալերէն լեզուներով, 1971ին ասոնց կ՛աւելնայ գերմաներէն լեզուն։ իսկ 1980էն սկսեալ թերթը կը հրապարակուի լեհերէն լեզւով որպէս ամսաթերթ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.