2012-09-03 13:01:59

Ի Տես Հունգարական-Ազրպէյճանական Գործարարքին Ցասում Եւ Ընդվզում Հայկական Աշխարհի Մէջ։


Մինչ ցասումն ու ընդվզումը կը պատեն հայոց աշխարհը` ի տես Հունգարիոյ կողմէ մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի Ազրպէյճանին յանձնման, անդին Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւ գնդապետի կոչում շնորհեց մարդասպանին եւ վերականգնեց անոր պաշտօնը իբրեւ ազրպէյճանական բանակի սպայ:
Ապիեւ ընդունեց Սաֆարովը, շնորհաւորեց զայն հայրենիք վերադառնալու եւ երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ ներման արժանանալու առիթով, անոր շնորհեց գնդապետի կոչումը եւ «յաջողութիւն մաղթեց զինուորական մարզին մէջ հետագայ գործունէութեան ընթացքին»:
Ռամիլ Սաֆարով զրուցեց լրագրողներուն հետ: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ կը զգար այն օրը, երբ սպաննեց Գուրգէն Մարգարեանը, Սաֆարով ըսաւ, որ չի փափաքիր ետ նայիլ եւ վերյիշել այդ օրը:
Հունգարիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Վիլայաթ Կուլիեւ ըսաւ, որ Սաֆարովը Ազրպէյճան վերադարձնելու խնդիրը մէկ օրուան մէջ չէր լուծուած: «Մենք ամիսներ շարունակ աշխատած ենք այդ ուղղութեամբ: Յանձնումի հոլովոյթը սկիզբէն մինչեւ վերջ իրականացուած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կարգադրութեամբ» ըսաւ դեսպանը:
Միւս կողմէ, հունգարական օնլայն «Էմ. Էն. Օ.» հրատարակութիւնը հրապարակեց Ազրպէյճանի արդարադատութեան նախարարութեան` Հունգարիոյ արդարադատութեան նախարարութեան ուղղուած պաշտօնական նամակը, որմէ պարզ դարձած է, որ Ազրպէյճան, փաստօրէն խաբած է Հունգարիան եւ չէ կատարած իր հաւաստիացումները:

15 Օգոստոս թուագրուած նամակին մէջ Ազրպէյճանի արդարադատութեան փոխնախարար Վիլայաթ Զահիրով նշած է, որ համաձայն իր երկրի քրէական օրէնսգիրքին` ցմահ ազատազրկուածին կարելի է ներում շնորհել միայն այն պարագային, եթէ ան իր պատիժէն կրած է առնուազն 25 տարին:
Միւս կողմէ Սպիտակ Տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա «խորապէս մտահոգուած է» Ազրպէյճանի նախագահին կողմէ Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու փաստին առնչութեամբ: Ան ընդգծած է, որ Իլհամ Ալիեւի վճիռը «կը հակասէ շրջանային լարուածութիւնը թուլացնելու եւ հաշտեցման շարունակական ջանքերը»:
Իսկ շաբաթ օր տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Հայաստանի մէջ Հունգարիոյ հիւպատոսարանին առջեւ: Հրկիզուեցան հունգարական դրօշակներ:
Միջազգային Մամուլին Անդրադարձը
Միջազգային բազմաթիւ լրատուամիջոցներ, ինչպէս` «Նիւ Եորք Թայմզ», «Ուաշինկթըն Փոսթ», «Վոյս աֆ Ամերիքա», «Եուրոնիուզ», «Պի.Պի.Սի.» եւ ուրիշներ անդրադարձան 2004-ին Պուտափեշտի մէջ հայ սպան կացինով սպաննած ազրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովի ազատ արձակման եւ ատոր յաջորդած բողոքի ցոյցերուն:
ԱՖՓ կը գրէ, որ «հարիւրաւոր մարդիկ բողոքի ցոյց կազմակերպած էին Երեւանի մէջ Հունգարիոյ հիւպատոսարանին մօտ` բողոքելով հայ զինուորը սպաննած ազրպէյճանցին հայրենիք ուղարկելու քայլին դէմ, ուր ան անմիջապէս ներում ստացած էր»:
«Ռոյթըրզ» կը յիշեցնէ, որ շաբաթ օր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երկրին մէջ գործող դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու հանդիպում ունեցած է եւ յայտնած, որ Հայաստան Հունգարիոյ հետ իր յարաբերութիւնները կասեցուցած է:
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Ռամիլ Սաֆարովի ազատ արձակումէն ետք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համացանցային պատերազմ սկսած է: Հայ համակարգչահէնները յաջողած են քանդել Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքէջը եւ շարք մը հեղինակաւոր լրատուական ծառայութիւններու կայքէջերը:
«Հիւրրիյէթ» «Ազրպէյճան մէկ զինուորի համար 3 միլիառ տոլար վճարած է» խորագիրով յայտնած է, որ Հայաստանի պնդումով Ազրպէյճան Հունգարիոյ հետ գաղտնի բանակցութիւններ վարած է եւ Սաֆարովի ազատ արձակման դիմաց 3 միլիառ տոլար վճարած:

Հունգարացի Գործիչներ Կը Դատապարտեն Կառավարութեան Արարքը։
Հունգարիոյ նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆերեց Կիուրչանի շաբաթ օր քննադատած է Սաֆարովի տեղափոխման առնչութեամբ հունգարական իշխանութեանց որոշումը եւ յայտարարած, որ խորհրդարանի առաջին նստաշրջանին (սեպտեմբերի երկրորդ աշխատանքային շաբաթ) կառավարութենէն բացատրութիւն պիտի պահանջէ` ազրպէյճանցի մարդասպանին մասին որոշումին վերաբերեալ:








All the contents on this site are copyrighted ©.