2012-09-03 10:46:57

Երուսաղէմի Լատիներու Երբեմնի Պատրիարք Միշէլ Սապպահի Կոչը Միութեան Պաղեստինցի Քրիստոնեաներու Ու Մահմետականներու Միջեւ։


Պատրիարքի քրիստոնէական տեսութիւնը քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու յարաբերութեան մասին։
Կազայի մէկ քաղաքի մէջ անցեալ շաբաթ ժողով մը տեղի ունեցած է ''Կազայի քրիստոնեաներու ու իսլամներու միջեւ հասկացողութիւն'' նիւթով, կազմակերպութեամբ ազգային հաշտութեան ընկերակցութեան։
Երուսաղէմի լատիներու երբերմնի պատրիարքը իր արտասանած խօսքով խնդրեց քրիստոնեաներէն ու իսլամներէն որ բաժանումի թակարդի մէջ չիյնան հաստատաելով որ <<բաժանումը կարող է միմիայն տկարացնել մեր երկիրը>> աւելցնելով որ <<Քրիստոնեաներու ու մահմետականներու միջեւ հասկացողութիւնը ու համերաշխութիւնը կը նպաստէ մեր շարքերու գօտապնդումին։>> Պատրիարքը Աստուծմէ խնդրեց որ լուսամիտ կառավարիչներ ուղարկէ Պաղեստինի, լաւագոյնս ծառայութիւն մատուցանելու Պաղեստինի ժողովուրդին։ Խօսքը ուղղելով իսլամ պատասխանատուներուն անոնցմէ խնդրեց որ հաւատարիմ մնան իրենց կրօնքին ու յարգեն քրիստոնեայ հասարակութիւնը եւ չաշխատին անոր կրօնափոխութիւն բանեցնելու։ Աստուած մեր երկու կրօներու առաջնորդն է, թող տանք որ ինք մեզ ուղղէ իր հաճութեան համաձայն, մեր միջեւ տարբերութիւնները չէ որ մեզ պիտի ուղղեն այլ բարեկամութիւնն ու եղբայրակցութիւնը։ Իսլամի եւ քրիստոնեայի հաւատարմութիւնը առ Աստուած կը կայանայ իր սիրտին մէջ ունենալ Արարիչ Աստուածը ու Աստուծոյ արարածը։ Պատրիարք Սապպահը մատնանշեց այն երեք կապերուն որ հիմը կը կազմեն պաղեստինեան երկրին ու ընկերութեան.առաջին` ազգային միութիւն մէկ երկրի մը մէջ, եկրորդ` հաւատքը միակ Աստուծոյ հանդէպ երկու տաբեր կրօներու մէջ` երրորդ ամէնքս Աստուծոյ արարածներ ենք արժանաւորութեամբ հաւասար։
Կրօնապետերու պարտականութիւնն է մզկիթներու ու եկեղեցիներու միջեւ ջամբելու առողջ դաստիարակութիւնը հիմնուած արժանաւորութեան հաւասարութեան եղբայրակցութեան ու միութեան վրայ։ Հարկաւոր է որ ամէնքս գիտակցինք որ Աստուծոյ արարածներ ենք, հաւատացեալներ ենք ու քաղաքացիներ ենք հաւասարապէս ըսած է երբեմնի Լատին Պատրիարքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.