2012-09-01 09:36:56

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Ամուայի Զտարանի Պայթումի Զոհերուն Ի Նպաստ Գարագասի Եկեղեցիներու Դրամահաւաքը

Ընդառաջելով Սրբազան Քահանայապետի ուղղած կոչին Վենեզուէլլայի մէջ Գարագասի բոլոր եկեղեցիները 1 եւ 2 սեպտեմբերին դրամահաւաք կազմակերպած են ի սպաս անցեալ 25 օգոստոսի Ամուայի զտարանի պայթումի զոհ անհատներուն ու երկրի, վերջին ժամանակաշրջանի բնական աղէտներու բոլոր միւս զոհերուն։
Նշենք որ Վենէզուելլայի Ամուայ զտարանի պայթումը 48 մերեալ պատճարած էր։
Սրբազան Հայրը, Կարտինալ Պերթոնէի ստորագրութեամբ ցաւակցական հեռագիր մը յղած էր որուն մէջ յայտնած էր իր խոր ցաւն ու մօտիկութիւնը կոչ ուղղելով ՎենԷզուելլայի քաղաքական եւ եկեղեցական հասարակութեան, ողորմածութեան եւ քրիստոնէական զօրակցական զգացումներով ձեռնտուութիւն յայտնելու ողբերգութեան զոհերուն։



Կարդինալ Անճէլօ Սոտանոն կը գլխաւորէ Սանսէփոլգրոյի Հիմնադրութեան Տարեդարձի Տօնախմբութիւնները։

Կարտինալակն Դասի գահերեձ Կարդինալ Անճէլօ Սոտանոն շաբաթ 1 սեպտեմբերին Սանսեփոլգրոյ կը ժամանէ գլխաւորելու համար Սանսեփոլգրոյի հիմնադրութեան յոբելինական արարողութիւնները։
Ժամը 16.50-ին ծիրանաւորը հանդիպում կ՛ունենայ քաղաքական իշխանութիւններու ներակայցուցիչներուն հետ։ Քաղաքապետ Տանիէլա ֆրուլլանիի ողջոյնի խօսքէն ետք Կարդինալ Սոտանոն Սան Րոգգօ աղօթատան մէջ երկրպագութիւն կը կատարէ երուսաղէմի Սուրբ Շիրիմի արձանին ու ապա թափորով կ՛ուղղուի դէպի Մայր Տաճար ուր կը գլխաւորէ Սուրբ Զոհի արարողութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.