2012-09-01 10:17:13

Ս Ստեփանոս Նախավկայի Նուիրուած Վանքին Առաջին Ուխտագնացութիւն։


Թաւրիզ, Ազգային Առաջնորդարան Մաղարդավանքը կամ Ս Ստեփանոս Նախավկայի վանքը, Ատրպատականի Հայոց Թեմի վանական համալիրներու գոհարներէն է։ Ըստ որում աւանդութիւն կայ, թէ վանքը կառուցած է Յիսուսի 12 աշակերտներէն Ս Բարթուղիմէոսը։ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերպ Գրիգոր Ծ. Վրդ Չիֆթճեան, վերահաստատելով տարիներ առաջ գոյութիւն ունեցած ուխտագնացութեան աւանդութիւնը այս վանքի, յատուկ օր նշանակեց ամէն տարուան Օգոստոս ամսուան վերջին շաբաթը ։ Այս տարի, առաջինը ըլլալով ուխտանացութիւններու վերսկսման, Չորեքշաթի 29 Օոստոս 2012-ին, պատարագ մատուցուեցաւ վանքին մէջ։ Ուխտաւորներ եկած էին Թաւրիզէն եւ Ուրմիայէն։ Առաջնորդը իր քարոզին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց ուխտագնացութիւններու կարեւորութիւնը, իբրեւ հաւատքի վերարթնացման առիթներ, որպէսզի իբրեւ աւանդապահները հայրերու ժառանգութեանց, զօրանան հաւատքով, ամուր պահպանելու համար Թեմին պատկանող սրբավայրերը։ Այստեղ Յակոբ Վրդ Շամեցին Յայսմաւուրքն է ստեղծած, Մելքոն երէց Ջուղայեցին այստեղ Փաւստոս Բիւզանդի Հայոց պատմութիւնն է ընդօրինակած, Ստեփանոս Ջուղայեցին Մաղարդավանքի կոնդակներն է օրինակած, այստեղ գրուած եւ ծաղկազարդուած է 1710 թուականի նշանաւոր Շարակնոցը, որ 1914 թուին, թրքական արշաւանքներու ժամանակ վանականներ հողի տակ են թաղած եւ հետագային՝ 1967-ին միայն յայտնաբերուած է։ Հայ ուխտաւորի շունչով, ըսաւ Թեմակալ Առաջնորդը, պիտի ջերմացնենք այս վանքը Արաքսի ափին, եւ զօրանանք մեր հայրերու հաւատքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.