2012-09-01 11:53:49

Հունգարիա Մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը Կը Յանձնէ Ազրպէյճանին: Հայաստան Կը Կասեցնէ Պուտափեշտի Հետ Դիւանագիտական Իր Յարաբերութիւնները։


«Հայ Ժողովուրդը Պիտի Չներէ Պատահածը»
Ըսաւ Նախագահ Սարգսեան` Հայաստանի Մէջ
Հաւատարմագրուած Դեսպաններուն

2004 թուականին Պուտափեշտի մէջ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինահարելու յանցանքով Հունգարիոյ դատարանին կողմէ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած ազրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարով Ազրպէյճանի յանձնուեցաւ:
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ անմիջապէս ներում շնորհեց Ազրպէյճան հասած Սաֆարովին, հակառակ այն իրականութեան, որ Ազրպէյճան խոստացած էր, որ Սաֆարով պիտի շարունակէ կրել իր պատիժը:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էլման Ապտուլայեւ 1news.az կայքէջին հետ զրոյցի ժամանակ մեկնաբանելով Սաֆարովի արտայանձնումը նշեց, որ «մենք բարձր կը գնահատենք հունգարական կողմին հետ գործընկերային համագործակցութիւնը»: Ան յայտնեց նաեւ, որ պաշտօնական Պաքուն «արդէն որոշակի ժամանակէ ի վեր» աշխատանք կը կատարէր այդ ուղղութեամբ:
Այս իրադարձութեան լոյսին տակ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրաւիրեց Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ:
Ան նաեւ արտակարգ խորհրդակցութեան հրաւիրեց Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարները եւ Հայաստանի մէջ գործող միջազգային կառոյցներու ղեկավարները:
Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին քննարկուեցան Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ Հայաստանի զինեալ ուժերու սպայ Գուրգէն Մարգարեանը 2004 թուականին ազգային ատելութեան հողի վրայ դաժանաբար ապաննած Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու սպայ Ռամիլ Սաֆարովին պատիժը կրելու համար Հունգարիոյ իշխանութիւններուն կողմէ գաղտնի Ազրպէյճանին յանձնման փաստը եւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստանի կողմէ ձեռնարկուելիք քայլերը: Նախագահը յայտնեց, որ Սաֆարով Հունգարիոյ իշխանութիւններուն կողմէ վերադարձուած է Ազրպէյճան, իսկ Ազրպէյճանի նախագահը ներում շնորհած է այդ մարդասպանին: Նախագահը շեշտեց, որ բնականաբար ատիկա հանդուրժելի չէ եւ Հայաստան պիտի որոշէ իր ընելիքները:








All the contents on this site are copyrighted ©.