Անոր մասին գրած է Շահանդուխտ... ՜՜Ընթերցանութեան Ճամբով. Հ. Անդրանիկ
Ծ. Վ Կռանեանին «Խոկամ» Եւ «Մորմոքիմ» Գիրքերը՝՝
Համացանցի իշխանութիւնը հետզհետէ
կը զարգանայ, բայց գրողին համար այդ նշանակութիւն չունի: Ընթերցողներու թիւը եթէ նուազած
նկատուի, այդ ալ իմաստ մը չունի, որովհետեւ գիրք կարդացողները միշտ ալ փոքրամասնութիւն
մը եղած են: Նոյնն է մամուլին հարցը. օրաթերթն ալ յաճախ մեծաթիւ ընթերցող չ՛ունենար,
իսկ այս օրերուն մարդիկ խօսքը մէկ ըրած` կը բարբառին «Համացանցը կայ, մատդ կը կոխես կոճակին
եւ կը կարդաս թե՛րթն ալ, գի՛րքն ալ»: Շնորհակալութիւն ամէնուն: Ուզեն` կարդան, ուզեն`
չկարդան: Մամուլը կը դառնայ ու կը տպէ ստեղծագործուած երկերը: Եթէ գրողներ չըլլան, համացանցը
ո՞ր մէկ աղբիւրին պիտի դիմէ նորութիւններ փոխանցելու: Անցնի՛նք: Հայր Անդրանիկ Կռանեանի
երկու գիրքերը մեր սեղանին վրայ են: «Խոկամ», (տպուած 2010-ին), «Մորմոքիմ» (2012): Առաջինը
կը բովանդակէ մտածումներ, իմաստուն խօսքեր, իր կողմէ յղացուած մտորումներ, որոնք կ՛արթնցնեն
մեր յիշողութիւնը, կը յուշեն մեզի մեր կատարած սխալ ենթադրութիւնները կամ կատարելիք բարի
աշխատանքները: Այս գիրքով մեր կարգին կը մտածենք եկեղեցական հեղինակին մասին, որ անդադար
կը խոկայ կեանքի ելեւէջներուն, բարիին ու չարին ներգործութեան մեր կեանքին մէջ: Անդրադարձ
մըն են իր խոկումները, մտածումները, հայրական արթնութեամբ իբրեւ խրատատու իր որդւոյն,
ցոյց կու տայ ճամբայ մը, ուրկէ հարկ է քալել կեանքը բարւոք ապրելու համար: «Մորմոքիմ»
գիրքը, 141 փոքրածաւալ էջերով, ունի տարբեր իմացականութիւն եւ բովանդակութիւն: Թեման
կրօնն է, հաւատքը, ստեղծագործութիւնը` աստուածաբանական սերտողութեամբ զարգացած: Ո՞վ է
Աստուած, ինչպէ՞ս ստեղծուած է աշխարհը, պէ՞տք է հաւատալ սուրբգրային թելադրանքներուն,
թէ՞ ոչ, քրիստոնէութիւնը փիլիսոփայութի՞ւն է արդեօք, թէ՞… Հայր Անդրանիկ Կռանեան մտածումներով
առաջնորդուող գրող է: Ունի գրական բեղուն գործունէութիւն, ստեղծագործական կեանք մը` իր
հոգեւոր կոչումին առընթեր: Երկար տարիներէ ի վեր կը խմբագրէ հայ կաթողիկէ համայնքին պաշտօնաթերթ
«Մասիս»-ը, որուն էջերուն կը ստորագրէ իր ստեղծագործական մտորումները, բարոյագիտական
յօդուածները: Իր տեսակէտները եղած են միշտ ինքնուրոյն, գրական ոճը` նոյնպէս իւրայատուկ,
որ կը վկայէ գրողին ներաշխարհին եւ մտորումներուն պատկերը: Հայր Անդրանիկ կը խմբագրէ
նաեւ Հայկազեան համալսարանի «Հայագիտական Տարեգիրք»-ը, ամենայն բծախնդրութեամբ եւ հայ
գիրն ու գրականութիւնը, պատմագիտութիւնը եւ հաւատքի վերաբերեալ ուսումնասիրական երկեր
վկայագրելով: Հայր Անդրանիկ Կռանեանի զարգացուցած գրական սեռը գեղարուեստական գրականութիւն
մը չէ, այլ իր խառնուածքը կը հակի դէպի փիլիսոփայութիւն` աստուածաբանական ու կրօնագիտական
հարցերուն ինչն ու ինչուն սերտելով: Ան շատ հետաքրքրուած է հայոց հաւատքին ու դաւանանքին
անցեալով ու ներկայով եւ իր գրականութեամբ հարցեր կը զարգացնէ իբրեւ ինքնուրոյն մտածողութիւն: «Խոկամ»
գիրքը առանձնայատուկ գրքոյկ մը` 108 էջերով: Կարելի է նկատել գրպանի գիրք մը, միշտ ընթերցելի,
տող առ տող ըմբռնելի: Օգտաշատ եւ նոյն ատեն հաճելի ընթերցանութիւն մը, օգտակար` մեծին
եւ փոքրին. գրած է Շահանդուխտ իր յօդուածին մէջ։ :