2012-09-01 12:02:38

Կրթութեան Մշակները Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Մօտ ։


Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ կրթութեան մշակներու օրհնութեան կարգ:
Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. դիտել տուաւ, որ կրթութեան մշակները՝ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին գլխաւորութեամբ եւ առաջնորդութեամբ, տարիներէ ի վեր կու գան Ս. Էջմիածին՝ «իրենց ուխտը վերանորոգելու մեր հայ դպրութեան յիշատակի առջեւ եւ համատեղ աղօթքով հայցելու աստուածային սուրբ հոգու շնորհները, որպէսզի, զօրացած տիրոջ օրհնութեամբ, իրենց պատասխանատու առաքելութիւնն իրականացնեն կրթական օճախներից ներս՝ դաստիարակելով արժանաւոր զաւակներ ազգի եւ հայրենիքի եւ մեր սուրբ եկեղեցու համար»:
«Մենք աղօթքն առ Աստուած բարձրացրեցինք խնդրելով, որ տէրն իր աջը պահապան եւ օգնական դարձնի հայ կրթութեան գործի մշակներին եւ արգասաւորի նրանց ջանքերն ի սէր մեր հայրենիքի զօրացման եւ նրա բարօր կեանքի առաջընթացի», նշած է վեհափառը:
Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի համաձայն, արդէն երրորդ տարին է, որ կրթական մշակները կ՛այցելեն Մայր Աթոռ ու կը ստանան վեհափառին օրհնութիւնը:
«Առանց Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ համագործակցութեան չկայ ազգային դպրոց: Երբ կար եկեղեցին, այդ ժամանակ դեռ չկար կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը, եւ հէնց եկեղեցին էր իր վրայ ստանձնել կրթութեան պատուաբեր առաքելութիւնը», (դիտել տուած է նախարարը):








All the contents on this site are copyrighted ©.