Գերապայծառ Մորերոտի Դասախօսութիւնը ''Համամիութենական Երկխօսութիւն Կաթողիկէներու ու
Անկլիգաններու միջեւ'' Նիւթին Մասին
Շաբաթ մէկ սեպտեմբերին, ֆրիպուրկ թեմի առաջնորդ` գերապայծառ Մորերօտը, քահանայապետական
ամարանոցին մէջ դասախօսութիւն մը կը կատարէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ներկայութեամբ,
ունենալով որպէս նիւթ '' համամիութենական երկխօսութիւն կաթողիկէներու ու անկլիգաններու
միջեւ''։ Յայտնենք որ գերապայծառ Մորերօտը մասնագէտ է համամիութեան ու միջկրօնական երկխօսութեան
հարցերու։ ֆրիպուրկ թեմի առաջնորդի այս դասախօսութիւնը մաս կը կազմէ ''Ռացինկերի նախկին
աշակերտներու'' տարեկան հանդիպումի յայտագիրին որ այս օրերուս (30 օգոստոս -3 սեպտեմբեր),
ինչպէս ամէն տարի, հաւաքուած են Գասթելկանտոլֆոյի ամարանոցին մէջ։ 2012-ի հանդիպումին
նշանաբանն է ''լիւտերականներու ու անկլիգաններու հետ երկխօսութեան արդիւնքներն ու համամիութենական
հարցերը''։ Սողն նիւթը ընտրուած է հիմնուելով կարդինալ Գասբերի հրապարակած հատորին վրայ`
''գաղել պտուղները։ Քրիստոնէական հաւատքի հիմեր համամիութենական երկխօսութեան մէջ''։ Վիեննայի
առաջնորդ կարտինալ Շոնպորնի գնահատումով համամիութենական երկխօսութիւնը պէտք է կատարուի
ճշմարտութեան ու սիրոյ մէջ։ Ան գոհունակութիւն յայտնած է ի տես այս տարուայ ''համամիութենական
երկխօսութիւն'' նիւթի զուգադիպութեան Վատիկանեան Բ տիեզրական ժողովի 50-րդ տարեդարձին
առթիւ։ Կարդինալը վերակոչած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ուսուցումը վերակարգումի
մասին` վերակարգումը շարունակականութեան մէջ։