2012-08-31 12:27:22

Սուրիոյ Մէջ Յաւելում Կ՝արձանագրէ Զոհերու Թիւը։ Եգիպտոսի Նախագահի Ելոյթի Ժամանակ Սուրիոյ Պատուիրակութիւնը Կը Լքէ Դահլիճը։


Սուրիոյ մէջ յաւելում կ՝արձանագրէ զոհերու թիւը։ Ըստ վերջին հաշուէկշիռին միյան երէկ մեռեալներու թիւը 147 եղած է։ Հալէպի հարաւակողմը 8 երախաներ եւ 9 կիներ սպաննուած են կառավարական օդային յարձակումի հետեւանք։
Իսկ Թեհրանի մէջ իրականացուող Չմիաւորուած Երկիրներու Շարժման Գագաթաժողովին, Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը լքած է դահլիճը, երբ ելոյթով հանդէս եկած է Եգիպտոսի նախագահ Մուհամատ Մուրսին։
Միջադէպը տեղի է ունեցած է այն ժամանակ, երբ իր ելոյթին Մուրսի, խօսելով Սուրիոյ իշխանութիւններու մասին, անոնց տուած է «բռնապետական» բնորոշումը:

Չմիաւորուած Շարժման անդամ երկիրներու նախագահներու մակարդակով գագաթաժողովը, կը փորձէ Սուրիոյ ճգնաժամի խաղաղ կարգաւորման նոր սկզբունքներ առաջարկել: Իրան առաջարկած է Սուրիա առաքուելիք Երրեակի մը կազմաւորումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.