2012-08-31 12:15:42

Նոր Աւետարանացումը Եւ Քրիստոնէական Հաւատքի Փոխանցումը


Քրիստոնեական հաւատքի փոխանցումը եւ Քահանային սրբութիւնը
Գերապայծառ Rino Fisichella, նախագահը «Նոր աւետարանացումի» խորհուրդին, խօսելով քահանային տիպար օրինակին մասին, զեկոյցի մը ընթացքին ըսած էր թէ քահանան իր ամբողջ մարդկային տկարութեաբ ու հակասութիւններով պէտք է ըլլայ Աստուծոյ պատկերը այս աշխարհի մէջ: Պատկեր մը որ կարենայ վերափոխել մարդոց կեանքը, եւ անոնց հետ՝ աշխարհը:
Հետեւաբար այս խօսքէն կրնանք հետեւցնել թէ քահանան իր առաքելութեան ընթացքին պարտի կատարելապէս նմանիլ Աստուծոյ, որովհետեւ ինչպէս կ՛ըսէ սուրբ Թովմաս Ագուինացին. « Անոնք որ սահմանուած են աստուածային պաշտօններու, նոյնիսկ գործով զգեցած են թագաւորական վեհութիւն մը եւ պէտք է կատարեալ ըլլան առաքինութիւններու մէջ:
Այս է որ կը սորվեցնէ Եկեղեցին, մեր Մաշտոցի պաշտօնական աղօթքներուն մէջ, այն վայրկեանին երբ քահանայութեան կարգը կը փոխանցէ թեկնածուներուն: Ուստի կը կարդանք թէ «Որովհետեւ քահանաները ընտրուած են Աստուծմէ որպէսզի ամէնուն օրինակ ընծայեն երկնային իմաստութեան, մաքուր բարքերու, ամէն բանի մէջ արդար գործելու եւ Աստուծոյ տասը պատուիրաններու գործածութեան եւ կարենան, Սուրբ Հոգիի ազդեցութեամբ եւ անոր եօթը պարգեւներով, փայլիլ ուղղութեամբ, հասունութեամբ իրենց խորհուրդներուն ու գործերուն: Որպէսզի պահելով իրենց բարքերուն մէջ լիութիւնը մաքուր ու սուրբ կեանքի մը, բոլորին ակնարկին ընծայեն պայծառ օրինակը արդարութեան»:
Հետեւաբար քահանաները ներքսապէս համոզուելու են թէ սրբութիւնը նախապայման է իրենց կոչման: Թէ սուրբ կարգերը առնելու համար չի բաւեր պարզապէս շնորհաց վիճակի մէջ գտնուիլ, այլ այդ շնորհքէն զատ ներքին կատարելութիւնը կը պահանջուի ձեռնադրութեան համար: Ասիկա միաձայն կարծիքն է բոլոր սուրբ Հայրերուն եւ վարդապետերուն:
Եկեղեցին եւ Աստուած, սրբութեան ոչ մէկ աստիճան բաղդատելի կը դատեն քահանայական սրբութեան, բացի անկէ երբ հոգի մը, իր մէջ կը պատկերացնէ Յիսուսի Քրիստոսի Մեծ Քահանային գործերը: Որովհետեւ քահանան դրուած է աշխարհի առջեւ ըլլալու կենդանի պատկերը Քրիստոսի թէ՛ նեղութիւններու եւ թէ՛ հակառակութիւններու մէջ, որոնք կու գան մարդոց կողմէ:
Սուրբ Պօղոս Կորնթացիներու նամակին մէջ կ՛ըսէ . « Քրիստոս զիս ղրկեց ո՛չ թէ մկրտելու, այլ քարոզելու աւետարանը»: Ասոր համար է որ մեր եկեղեցւոյ տիեզերական ժողովները կը շեշտեն թէ Եպիսկոպոսի առաջին պարտականութիւնն է աւետարանել Աստուծոյ խօսքը եւ ինչ որ եպիսկոպոսին առաջին պարտականութիւնն է, հարկ է վստահաբար ըլլայ նաեւ ամենակարեւոր գործը քահանային: Բայց ինչպէս որ աւետարանի պարզ ու կորովի քարոզութիւնը ունկնդիրներու փրկութեան պատճառ կ՛ըլլայ, նոյնպէս քահանային թեթեւ կենցաղը գայթակղութեան առիթ մըն է հաւատացեալներու կորստեան:
Հարկ է ուրեմն համոզումն ունենալ թէ քահանան ձեռնադրուած է գործադրելու համար կատարելութիւնը, այսինքն ոչ միայն կատարեալ ըլլալու, այլ նաեւ ցոյց տալու եւ դրոշմելու զայն ուրիշներու մէջ, իր օրինակով, իր խօսքերուն ազդեցութեամբ, քարոզութեամբ եւ կեանքին բոլոր գործերով: Դուք աշխարհի լոյսն էք, կ՛ըսէ Քրիստոս: Այս պատուէրը կը նշանակէ թէ ինչպէս լոյսը կը տեսնուի իր ճառագայթներով, այնպէս քահանան պէտք է փայլի իր սուրբ կեանքով, լոյս մը որ ճառագայթումն է իր ներքին սրբութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.