2012-08-30 13:52:52

ֆրանսայի Եպիսկոպոսներու Զօրաշարժը Ազատագրելու Փաքիստանցի Փոքրիկ Քրիստոնեայ Աղջնակը։


ֆրանսայի եպիսկոպոսները զօրաշարժի մէջ են ազատագրելու համար հայհոյիչի ամբաստանութեամբ մահուան դատապարտուած Փաքիստանցի Փոքրիկ Քրիստոնեայ աղջինակը։ Եպիսկոպոսները զօրակոչ մը ուղղած են որուն մէջ կը հրաւիրեն հաւատացեալները ու բարի կամք ունեցողները բողոքագիր մը ներկայացնելու Փաքիստանի կառավարութեան` ազատագրելու համար Ռիմշա անունով աղջնակը որ ձերբակալուած գորանէն միքանի էջ այրելու ամբաստանբութեամբ։
ֆրանսայի եպիսկոպոսները կը դատապարտեն կրօնական այս կեցուածքը որ չի յարգեր ամենափոքր մարդկային անահտները, Ռիմշային մաղթելով դպրոցի վերամուտ։ Անոնք իրենց կոչով կը հարցադրեն յանուն ո՞րու անմեղ մը մահուան կը դատապարտուի, միթ՞է կարելի է կեանքը պատժել։
Յայտնենք որ Ռիմշա 12 տարեկան քրիստոնեայ աղջնակ մըն է. Ան անցեալ 16 օգոստոսին բանտարկուփցաւ Իսլամապատ մայրաքաղաքին մէջ, անիկա ամբաստանուած է գորանի սրբապղծութեամբ թէեւ ոչ կարդալ եւ ոչ ալ գրել գիտէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.