2012-08-30 11:01:22

Վատիկնեան Տեղեկութիւններ


30 օգոստոսէն 1 սեպտեմբեր գերմանիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ <<Րէնովապիս>>ի գերմանական կաթողիկէ բարեսիրական հաստատութեան 16րդ միջազգային վեհաժողովը որ ունի որպէս բնաբան << Հաւատքը վերագտնել այսօր. Եւրոպայի վերավետարանացումի նոր ուղիներ>>։ Վեհաժողովի բացումը կը կատարէ <<Րէնովապիս>> հաստատութեան տնօրէն` Յիսուսեան միաբանութեան անդամ հայր Սթէֆան Տարդման։

Իսկ վաղը 31 օգոստոսին Հունգարիոյ Պուտաբեշտ քաղաքի մէջ սկիզբ կ՛առնէ <<Ճէնֆեսդ>> ֆոգոլարիներու շարժումի երիտասարդական տօնակատարութեան 10րդ հանգրուանը որուն կը մասնակցին աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած հազարաւոր երիտասարդներ։ Տօնակատարութիւնները պիտի տեւէն մինչեւ 2 սեպտեմբեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.