2012-08-30 12:58:33

Հայ Համայնքը Սուրիոյ Քրիստոնեայ Համայնքներու Ղեկավարներուն Յայտարարութեան Համակարծիք Է։


Հալէպի Բերիոյ թեմի Ազգային առանջորդարանի բանբեր՝ Ժիրայր Ռէյիսեան «Երկիր Մետիա»-ի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին անդրադարձաւ օրեր առաջ Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներու ղեկավարներուն` Հալէպի մէջ հրապարակած միացեալ յայտարարութեան:
Ղեկավարները այդ յայտարարութեան մէջ կը հրաժարէին գաղթի որեւէ տեսակէ եւ կը քննադատէին կրօնական ծայրայեղութեան որեւէ դրսեւորում: Հայ համայնքը թէեւ կարծիքներուն դէմ չէ արտայայտուած, սակայն յայտարարած է, որ ինք տարածուած յայտարարութեան մաս չէ կազմած:
Ռէյիսեան նշեց, որ անցեալ ուրբաթ երեկոյեան տեղի ունեցած վերոնշեալ ժողովին բոլոր համայնքապետերը ներկայ չեն գտնուած, եւ անոնց բացակայութեան նաեւ անոնց անունով այդ հաղորդագրութիւնը հրապարակելը ճիշդ չէր: Ան աւելցուց, որ հաղորդագրութեան որոշ կէտերուն շուրջ վերապահութեանց պատճառով յարմար տեսնուած է վերատեսութեան ենթարկել ու վերախմբագրել եւ համայնքապետերու վաւերացումը ունենալէ ետք հրապարակել զայն:








All the contents on this site are copyrighted ©.