2012-08-30 13:04:58

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Գերագոյն Խորհուրդի Հաղորդագրութիւնը։


Պէյրութ- Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, հայ կաթողիկէ պատրիարքական գերագոյն խորհուրդը իր նիստը գումարեց պատրիարքարանին մէջ, Ժէյթաուի, չորեքշաբթի, 29 օգոստոս 2012-ին։ Ժողովականները քննարկեցին Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան Քահանայապետին Լիբանան այցելութիւնը։

Ժողովականները շեշտեցին այս պատմական այցելութեան կարեւորութեան վրայ, եւ անոր ազդեցութեան մէկ կողմէն՝ ազգային համերաշխութեան ամրապնդման համար, եւ միւս կողմէն՝ քրիստոնեայ ներկայութեան Միջին Արեւելքի մէջ, մեկնելով քրիստոնեայ իսլամ համակեցութենէն Լիբանանի մէջ։

Ժողովականները յոյս յայտնեցին, որ այս այցելութիւնը իր դրոշմը ունենայ ի սպաս խաղաղութեան, համերաշխութեան եւ երկխօսութեան Միջին Արեւելքի բոլոր ժողովուրդներուն եւ երկիրներուն միջեւ այս դժուար օրերուն։

Այս առթիւ, խորհուրդը կոչ կ’ուղղէ համայնքի զաւակներուն աղօթելու սրբազան Քահանայապետին դիտաւորութեան եւ անոր բարեդէպ այցելութեան համար, զանոնք հրաւիրելով մասնակցելու այս այցելութեան բոլոր միջոցառումներուն, մանաւանդ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագին, զոր պիտի մատուցանէ սրբազան Պապը Պէյրութի կեդրոնական գօտիին մէջ, մասնակցութեամբ երկրի բոլոր համայնքներուն։

Վերջապէս, խորհուրդը կը յայտնէ անհրաժեշտ յանձնառութիւնը յաջորդ Առաքելական Յորդորին նկատմամբ, որպէսզի ան ըլլայ փարոսը, որ կ’առաջնորդէ լիբանանցիները։








All the contents on this site are copyrighted ©.