2012-08-30 12:55:22

Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Ցաւակցութիւնը՝ Հայր Էլի Մաքտիսիի Սպաննութեան Ի Լուր։


Պէյրութ- Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հեռաձայնային կապով իր ցաւակցութիւնները յայտնեց մարոնի լիբանանեան միաբանութեան աբբահայր Թաննուս Նաամէին, հայր Էլի Մաքտիսիի սպաննութեան համար, որ պատահեցաւ Պէյրութի հարաւային ծովեզերեայ շրջանին մէջ:
Հոգեւոր Տէրը դատապարտեց այս անմարդկային ոճիրը, ապահովելով իր աղօթքները հանգուցեալ վարդապետին հոգւոյն համար եւ մաղթանք յայտնեց աբբահօր նոր կոչումներու ծաղկումին համար միաբանութենէն ներս: ՜՜Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի՝՝ եզրափակեց Հոգեւոր Տէրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.