2012-08-30 12:52:35

՝՝Սուրիոյ Յաղթանակին համար Ժամանակի Պահանջք Կայ ՝՝. Պաշշար Ալ Ասսատ-ի Հարցազրոյցը։


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ հարցազրոյց մը տուաւ «Ալ Տունիա» կառավարամէտ հեռուստաընկերութեան, դէմ արտայայտուելով Թուրքիոյ կողմէ ՝՝շրջապատուած գօտի՝՝ ստեղծելու առաջարկին:

Աւելի վաղ Թուրքիոյ արտգործնախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն յայտարարած էր, որ երբ Թուրքիոյ մէջ գտնուող սուրիացի փախստականներու թիւը հատէ 100.000-ի սահմանը, իրենք ստիպուած կ’ըլլան Սուրիոյ տարածքին ՝՝շրջապատուած գօտի՝՝ ստեղծել:

Հարցազրոյցի ընթացքին Պաշշար ալ Ասսատ ըսաւ , որ Սուրիան համընդհանուր եւ տարածաշրջանային պատերազմի մէջ է, սակայն «յաղթանակը միայն ժամանակ կը պահանջէ»: Մեկնաբանելով Սուրիոյ մէջ առկայ իրավիճակը` Ասսատ նշած է, որ իր կառավարութիւնը յառաջընթաց կը գրանցէ եւ «իրավիճակը այժմ աւելի լաւ է»: Ան պնդած է, որ եթէ իրեն աւելի շատ ժամանակ տրուի, իրենք կը կարենան լուծել ներքին խնդիրները: Միւս կողմէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը այսօր Սուրիոյ հարցով Արտահերթ նիստ կ'իրականացնէ:
ԱՄՆ իշխանութիւնները յայտարարած են, որ Ռուսաստանի ու Չինաստանի կողմէ Սուրիոյ հարցով բանաձեւերու վրայ մշտապէս արգելք դնելէ ետք, այլեւս յոյսը չի դներ Անվտանգութեան խորհուրդի վրայ եւ կը գործէ կառոյցը շրջանցելով ։ Արտահերթ նիստին ներկայ կը գտնուին ԱԽորհուրդի 15 մշտական անդամներու, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հարեւան 4 երկիրներու ներկայացուցիչներ` Իրաք, Յորդանան, Լիբանան եւ Թուրքիա:
Նիստը ԱԽ-ի մէջ գումարելը նախաձեռնած է նախագահութիւնը ստանձնած Ֆրանսա-ն:








All the contents on this site are copyrighted ©.