2012-08-29 12:45:20

Ռատիոյ Վատիկանի Տնօրէն Յիսուսեան Հայր ֆետերիքօ Լոմբարտիի Զոյգ Յոբելեանները։


Ծննդեան 70 ամեակ եւ քահանայակամն ձեռնադրութեան 40 ամեակ։
Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէն, Վատիկանի հեռուստատեսիլի պատասխանատու եւ Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն յիսուսեան հայր ֆրետերիքօ Լոնպարտին այսօր 29 օգոստոսին, Իտալիոյ Բիեմոնդէ մարզի Սալուցօ ծննդավայրին մէջ կը տօնախմբէ իր ծննդեան 70 ամեակը, իսկ յառաջիկայ կիրակի 2 սեպտեմբերին Ան պիտի տօնախմբէ իր քահանայական ձեռնադրութեան 40 ամեակը, որ ստացած էր 1972-ին։ Նշենք որ 1960-ին Հայր Լոմպարտին Յիսուսեաններու միաբանութեան Թորինօյի նորընծայարանը մտած էր։
Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմը իր սրտագին շնորհաւորական բարի մաղթանքերը կը ներկայացնէ յոբելեարին։








All the contents on this site are copyrighted ©.