Զոհերուն համար աղօթք, ընտանիքներուն հոգեւոր մօտիկութիւն եւ զօրակցութեան կոչ։ Այս է
պարունակութիւնը ցաւակցական հեռագիրին որ Կարտինալ Պերթոնէի ստորագրութեամբ,Պենետիկտոս
ԺԶ Սրբազան Հայրը յղած է ի տես Վենէզուելլայի Ամվայ զտարանի մէջ պատահած ողբերգութեան
որ 48 մերեալ պատճարեց։ Ցաւակացական գիրին մէջ Նորին Սրբութիւնը իր խոր ցաւը կը յայտնէ
պատահածին համար եւ կոչ կ'ուղղէ վենԷզուելլայի քաղաքական եւ եկեղեցական հասարակութեան,
ողորմածութեան եւ քրիստոնէական զօրակցական զգացումներով ձեռնտուութիւն յայտնելու ողբերգութեան
զոհերուն