2012-08-29 12:49:12

ՆԱԶԱ-ի «Քիւրիոզիթի» Տիեզերական Սարքի Ծրագիրին Վրայ՝16 Հայեր Աշխատած Են:


ՆԱԶԱ-ի Հրատի վրայ էջք կատարած «Քիւրիոզիթի» (Հետաքրքրութիւն. «Ա.») սարքի ծրագիրին վրայ աշխատած են 16 հայեր` Աւօ Տեմիրճեան, Վաչէ Օրբելեան, Ալֆրետ Խաշաքի, Ֆելիքս Սարգիսեան, Հրայր Այնթապլեան, Կարէն Խանոյեան, Ռիչըրտ Օհանեան, Սերժիկ Ծատուրեան, Վազրիկ Ղարախանեան, Հենրիկ Յարութիւնեան, Արբի Կարապետեան, Լուսի Աբրահամեան եւ Ճուլիա Իսպիրեան:
Աւելի՛ն, ամերիկահայ ժամագործ Կարօ Անսըրլեան հեղինակած է Հրատի ժամացոյցը` Հրատ մոլորակի մէջ ժամանակը ցոյց տուող ամէնէն ճշգրիտ սարքը: Ան Միացեալ Նահանգներու Տիեզերագնացութեան գործակալութեան` ՆԱԶԱ-ի «Քիւրիոզիթի» նախագիծի անդամներէն կը նկատուի:
ՆԱԶԱ-ի սարքը Հրատ Մոլորակին մէջ ժամանակը չափելու համար կ՛օգտագործէ Կարօ Անսըրլեանի պատրաստած ժամացոյցը, որ առաւելագոյն ճշգրտութիւն ունի` Կարմիր Մոլորակին մէջ ժամանակային առանձնայատկութիւններուն նկատառումով:








All the contents on this site are copyrighted ©.