2012-08-29 12:48:59

Կին Մը Եւ Ղպտի Մը՝ Եգիպտոսի Նախագահի Օգնական Նշանակուած։


Եգիպտոսի Մահմէտական նախագահը Մուհամմատ Մուրսի նշանակած է կին մը՝ Պաքինամ Շարքաուի-ն, նախագահի քաղաքական հարցերու օգնական, իսկ ղպտի մը՝ Սամիր Մըրքոսը, ժողովրդավարացման հարցերու օգնական:
Ապա Իսամ Հատտատն նշանակուած է նախագահի արտաքին եւ միջազգային համագործակցութեան հարցերու օգնական, եւ Իմատ Ապտըլղաֆուր Ապտըլղանի՝ հասարակութեան հետ կապերու օգնական: Ան կազմած է նաեւ 17 հոգինոց խորհրդատուական յանձնախումբ մը, որուն մաս կը կազմեն Իսլամ եղբայրներու բանբեր Իսամ Արիան եւ քաղաքական այլ ուժերու ներկայացուցիչներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.