2012-08-29 12:16:40

Կատարուեցաւ Արմաւիրի Մարզի Բերքաշատ Գիւղի Նորակառոյց Եկեղեցւոյ Օծման Արարողութիւնը։


Արմաւիրի մարզի Բերքաշատ գիւղի նորակառոյց Ս. Խաչ եկեղեցւոյ օծումը կատարուեցաւ 25 Օգոստոսին, նախագահութեամբ՝ թեմի առաջնորդ Սիոն եպիսկոպոս Ադամեանի։
Եկեղեցւոյ օծման ներկայ էին եկեղեցւոյ բարերար` Խաչատրեանը, համայնքապետ Յարութիւն Չվչեանը, եւ յարակից համայնքներու ղեկավարները։
Արարողութեան աւարտին նորակառոյց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ առաջին Մկրտութիւնը։ Մկրտուեցաւ եկեղեցւոյ բարերարի որդին, օրինակ հանդիսանալով համագիւղացիներու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.