2012-08-29 12:23:22

Էջ մը Հայ Մատենագրութենէն
Մաշտոց Կաթողիկոս։


Մաշտոց Եղիվարդեցի ծնած է 833 թուականին Եղիվարդ գիւղը, որ կը գտնուի Արագածոտն գաւառին մէջ. Քահանայի որդի էր։ Երբ այլազգիները զօրացան այդ գաւառին մէջ, հայրը ընտանեօք պանդխտեցաւ Սոթից գաւառը. Հոն Իր ուսումները ստացաւ Գեղարքունիքի Մաքենացւոց վանքին մէջ, ուր ձեռնադրուեցաւ քահանայ ձեռամբ Սիւնեաց Դաւիթ Եպիսկոպոսին։ Եղած է միաբան Սեւանայ վանքին, եւ ապա Վանահահայր նոյն վանքին 863-897։
Սիւնեաց Մարիամ Իշխանուհիի հովանաւորութեամբ` կը կառուցանէ Սեւանայ կղզիի երկու եկեղեցիները, Սուրբ Առաքելոց եւ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցիները , որոնք մինչեւ այսօր տակաւին կանգուն կը մնան։ Իր օրով է որ Սեւանայ կղզին կը դառնայ աստուածաբանական եւ այլ զանազան գիտութիւններու կեդրոն, ուր Հայաստանի զանազան վայրերէն կը փութան ուսումնատենչ աշակերտները։
897-ին, երբ կը վախճանի Գէորգ Բ. Կաթողիկոսը, առանց տարակոյսի, ամէնքն ալ զինք կը կարգեն կաթողիկոս. Անմիջապէս յանձն կ՛առնէ Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական նորոգութիւնները, զորս արդէն բազմիցս մշակած ու իրագործած էր Սեւանայ վանքին մէջ. Կը յաջողի նոյն տարին արդէն ամփոփել հայ Եկեղեցւոյ բոլոր ծիսական կարգերը մէկ գրքի մէջ, որ իր անունով եւ մինչեւ այսօր տակաւին կը կոչուի Մաշտոց։ Ինչպէս կը գրեն իր ժամանակակիցներ, ան կը շինէր, կը հաստատէր, կը բարեկարգէր։ Սակայն Մաշտոց արդէն յառաջացած էր տարիքով եւ նոյն տարին, 897-ին կը վախճանի, միայն 7 ամիս կաթողիկոսական գահին վրայ մնալէն ետք. 7 ամիսներ սակայն որոնք արգասաբեր հանդիսացան հայ Եկեղեցւոյ կեանքին ու կենսունակութեան համար։
Նշանաւոր է իր բռնած դիրքը եւ կատարած հաշտութիւնը ընդմէջ Աբաս Սպարապետին եւ իր եղբօրորդւոյն` Սմբատ թագաւորին միջեւ։ Աբաս կ՛ուզէր Գէորգ Բ. կաթողիկոսը գահընկէց ընել որովհետեւ ան թագաւոր օծած էր իր եղբօրորդին, առանց իր հաւանութեան. Կ՛ուզէր Մաշտոցը անոր տեղ դնել որպէս կաթողիկոս. Սակայն Մաշտոց խելացի գտնուեցաւ եւ չընդունեցաւ այս առաջարկը, մանաւանդ թէ յորդորական շատ ազդեցիկ նամակ մը գրեց Աբասին, որպէսզի ետ կենար իր այս ազգակործան գաղափարէն. Ու յաջողեցաւ դարձի բերել Աբասը, որ անձամբ ներկայացաւ կաթողիկոսին, անկէ թողութիւն խնդրելու համար։
Ուրիշ շատ մխիթարական նամակ մըն ալ գրած է ուղղուած Դուին քաղաքի բնակիչներուն, որոնք 894 թուականին, հոկտեմբեր 13-ին` ենթարկուեցան սաստիկ երկրաշարժի մը, որ քար ու քանդ ըրաւ այդ հսկայ քաղաքը։
Ըստ Օրպելեանի, նոյն շրջանին դաւանական խնդիրներ մէջտեղ եկան Հայերու, Վրացիներու, Աղուաններու եւ Յոյներու միջեւ. Գէորգ Կաթողիկոսի հրահանգով` Մաշտոց նամակ մը գրեց հաշտեցնելու համար բոլորը, լուծելով բոլոր հարցերը որոնք պատճառ դարձած էին սաստիկ բանավէճերու։ Սակայն այս նամակը մեր ձեռքը չէ հասած, ինչպէս նաեւ այն նամակը զոր, ըստ Յովհան կաթողիկոսի, Մաշտոց ուղղած էր Աշոտ Թագաւորին, ընհդդէմ անոնց որոնք հակառակ էին Քաղկեդոնի եւ Շիրակաւանի ժողովներու յայտարարութիւններուն։
Գալով տարակուսողներուն թէ իսկապէս ինք եղաւ ՝՝Մաշտոց՝՝ կոչուած ծիսարանը ամփոփողը, կարելի է զայն հաստատել Կիրակոս Գանձակեցիի գրութիւններէն. Արդարեւ ան կ՛ըսէ. ՝՝Մաշտոց Կաթողիկոս կարգաւորեց այն գիրքը որ իր անունով` Մաշտոց կը կոչուի եւ որ իր մէջ կը մէկտեղէ հայկական բոլոր ծիսակատարութինները՝՝ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.