Կարսի Մզկիթի Վերածուած Ս. Առաքելոց Եկեղեցւոյ Դռները Միայն Նամազի Ժամերուն Կը Բացուին։
Կարսի բերդին մօտ գտնուող Ս. Առաքելոց եկեղեցին վերածուած է մզկիթի, սակայն բաց կ՛ըլլայ
միայն նամազի ժամերուն, ինչ որ տեղացի եւ օտարերկրացի զբօսաշրջիկներուն զայրոյթը կը յառաջացնէ:
կը հաղորդէ Թրքական «Սոնտաքիքիա» կայքէջը նշելով՝ «Կարս եկող տեղացի եւ օտարերկրացի
զբօսաշրջիկները նախ եւ առաջ կ՛այցելեն Կարսի բերդը, սակայն եկեղեցի-մզկիթ այցելել չեն
կրնար, որովհետեւ ատոր դռները փակ կ՛ըլլան», Եկեղեցին կառուցուած է 932-937-ին Աբաս
Բագրատունի թագաւորին կողմէ, եւ 1994-ին անուանափոխուած է եւ վերածուած մզկիթի: Սակայն
այցելուները կը պահանջեն անոր դռները միշտ բաց պահել: Կարսի եկեղեցին մտնել չկրցող զբօսաշրջիկները
անմիջապէս կը մեկնին Անիի աւերակները տեսնելու: