«Զանգակ» հրատարակչութեան գրատան մէջ Օգոստոս 28-ին տեղի կ'ունենայ փորձնական դասագիրքերու
շնորհանդէսը ( կը տեղեկացնէ Սփիւռքի Նախարարութեան Մամլոյ Ծառայութիւնը): Հրատարակուած
են Սփիւռքի միօրեայ հայկական դպրոցներու համար «Այբբենարան», «Արեւմտահայերէնի դասագիրք.
ընթերցարան 1» եւ «Արեւմտահայերէնի դասագիրք. ընթերցարան 2» դասագիրքերու փորձնական օրինակները: Դասագիրքերէն
իւրաքանչիւրէն տպագրուած են 500 օրինակներ , որոնք ուղարկուած են սփիւռքի ազգային վարժարաններ,
հայկական միօրեայ կրթական հաստատութիւններ: Դասագիրքերու մշակման մասնակցած են արեւմտահայերէնի
սփիւռքեան եւ հայաստանեան մասնագէտները:Դասագիրքերու տպագրութիւնը իրականացուցած է «Զանգակ»
հրատարակչութիւնը: Ամիս մը տեւող փորձարկումէն ետք, առաջարկները -դիտողութիւնները
նկատի կ'առնուին դասագիրքերու վերջնական տարբերակները հրատարակման պատրաստելու ժամանակ: