2012-08-27 12:34:26

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Կիրակնօրեայ Աղօթքը։


Կիրակի 26 Օգոստոսի՝ կէսօրին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Հրեշտակ Տեառն աղօթքը արտասանեց Գասթել Կոնտոլֆօյի քահանայապետական ամարանոցէն հարիւրաւոր ուխտաւորներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Իր ներկայացուցած խորհրդածութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը խօսեցաւ 12 աշակերտներու Յիսուսի հանդէպ ցուցաբերած հաւատարմութեան մասին։
Շատ մը աշակերտներ թողուցին Յիսուսը գայթակղած անոր խօսքերէն երբ ըսաւ. ''Ես եմ կենդանի հացը իջած երկինքէն։ Այս Հացը ուտողը յաւիտեան կ՛ապրի''։ Այս խօսքերը շատերուն համար անհասկնալի էին - ըսաւ Սրբազան Հայրը - որով անոնց նիւթական իմաստին կարեւորութիւն կու տային մինջ այդ խօսքերը կը յայտնեն Յիսուսի Զատկական խորհուրդը, որով Ան իր անցը կը նուիրէ աշխարհի փրկութեան համար։ Այս տեսնելով Յիսուս տասներկուքին կը հարցնէ ''Դու՞ք ալ կ՛ուզէք մեկնիլ''։ Սիմոն Պետրոս կը պատասխանէ ''Տէր ու՞ր երթանք։Դուն յաւիտենական կեանքի խօսքերն ունիս։ Մենք Հաւատացինք եւ գիտցանք թէ դուն Աստուծոյ Սուրբն ես''։ Հաւատացինք եւ գիտցանք։ Գիտութենէն առաջ հարկաւոր է հաւատքը ըսաւ Սրբազան Հայրը, առանց հաւատքի չկայ գիտութիւն։ Պենետիկտոս ԺԶ ապա մատնանշեց Յուդայի դաւաճանութեան որ ''յուսախափ մնացած էր Յիսուսէն, որովհետեւ ան յաղթական Մեսեայի մը կը սպասէր''։ Անոր ամենամեծ մեղքը կեղծաւորութիւնն է որ սատանայէն է - յարեց Սրբազան Հայրը - հրաւիրելով քրիստոնեաները ըլլալու միշտ <<անկեղծ Յիսուսի եւ իրենց մերձաւորներուն հանդէպ։>>
Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները` ու բարի կիրակի մաղթելով, բոլորին տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.