2012-08-27 12:58:52

Հալէպի Հայկական Թաղամասերուն Կացութիւնը:


Ըստ «Ազդակ»- օրաթերթի թղթակիցին Հալէպի Նոր Գիւղի շրջանին մէջ հայ կաթողիկէ Զուարթնոց եկեղեցւոյ դիմացի թաղը ենթարկուած է քանի մը հրթիռներու, որոնց զոհ գացած է 31-ամեայ Ալինա Մխճեան, որ Սուրիահայ օգնութեան խաչի դարմանատան պաշտօնեայ մըն էր: Արձանագրուած են նաեւ երկու հայ ոչ ծանր վիրաւորներ:
Ինչ կը վերաբերի Ծերանոցին, շէնքը չէ գրաւուած, ինչպէս լուրեր տարածուած էին, իսկ հայ ծերերը ապահով վիճակի մէջ են:
Հալէպ քաղաքը կը փորձէ վերականգնել իր կեանքը: Կիրակի համալսարանը եւ կարգ մը պետական այլ տեղեր կը գործէին: Որոշ ճամբաներու վրայ երթեւեկը բնականոն կերպով կ՛ընթանար, իսկ այլ ճամբաներ փակուած էին:
Ընդհարումները տակաւին կը շարունակուին հայաշատ թաղամասերու շրջակայքը:
Հեռախօսի եւ բջիջայինի կապը դժուարութեամբ կը գործէր, իսկ համացանցի կապերը տակաւին չեն վերականգնած:
Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան իր կարգին Tert.am-ին յայտնած է, որ Նոր Գիւղի հայ կաթողիկէ Զուարթնոց եկեղեցւոյ մօտ հրթիռ մը ինկած է, որուն պատճառով հայ աղջիկ մը զոհուած է, իսկ այլ հայ անհատ մը` վիրաւորուած:
Ռէյիսեան նշած է, որ այլ հրթիռ մը ինկած է նախապէս դատարկուած շէնքի մը մօտ: Ան նաեւ հաստատած է այն տեղեկութիւնը, թէ շաբաթ գիշեր բախումները շարունակուած են նաեւ հայկական ծերանոցին մօտակայքը: Ան նշած է, որ ծերանոցին շրջանը ընդդիմադիր եւ կառավարական ուժերու միջեւ կարծես սահմանագիծի վերածուած է եւ հոն յաճախակի պայթումներ տեղի կ՛ունենան, իսկ «կրակոցներն ալ գրեթէ անպակաս են»:
Կրակոցները չեն դադրած նաեւ Ճեմարանին ետեւ գտնուող շրջանին մէջ եւ Սահակեան վարժարանին չորս կողմը:
«Գիշերն ալ պայթումները չեն դադրած: Թէ ի՛նչ վնասներ արձանագրուեցան, շէնքերու վրայ վնասները կամ նիւթականին առնչուող վնասները, մենք այս մասին խօսիլը արդէն աւելորդ կը նկատենք, որովեհետեւ այդքան պայթումներուն եւ կրակոցներուն մէջ վնասուող շէնք ալ պիտի ըլլայ, վնասուող ինքնաշարժ ալ պիտի ըլլայ: Մեզի համար հիմա հիմնականը մարդկայինն է», ըսած է ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.