2012-08-27 12:54:51

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը Ընդունեց Մուսա Սատըր Հաստատութեան Նախագահը։


Երկուշաբթի, 27 օգոստոս 2012-ի առաւօտեան, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը ընդունեց Մուսա Սատըր հաստատութեան նախագահ` շէյխ Հասան Ալ Մասրի, որ Հոգեւոր Տէրը հրաւիրեց Իմամ Մուսա Սատըրի անհետացման 34-րդ ամեակին նուիրուած յուշահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ 31 օգոստոսին։
Այս առթիւ, Հոգեւոր Տէրը հաստատեց, որ Մուսա Սատըր համալիբանանեան առումով մեծ հայրենասէր անձնաւորութիւն մըն է եւ 3 տասնամեակէ աւելի իր անհետացման պայմաններուն մէջ իսկ անոր յիշատակը վառ կը մնայ։ «Իմամ Մուսա Սատըր միասնականութեան ձգտող յատուկ առաքելութիւն ունէր՝ մարդկային սկզբունքներէն մեկնելով եւ ազգային համերաշխութիւն քարոզելով։ Ան Աստուած դրած էր իր մէջ» ըսաւ Հոգեւոր Տէրը, աւելցնելով, որ կ'ողջունէ Իմամ Սատըրի յիշատակը ամէն տարի պատշաճ հանդիսութիւններով նշելու աւանդութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.