2012-08-25 09:59:27

Առաջնորդական Ընտրութեան Ճաշկերոյթին՝ Ատրպատականի Առաջնորդ Գրիգոր Ծ. ՎՐԴ. Չիֆթճեան Ըսած Է.


''Այս Թեմին համար առաջին ծառայ ընտրեցիք զիս''
Իրան - Հինգշաթի 23 Օգոստոսին, Ազգային Առաջնորդարանի սրահին մէջ կայացաւ յատուկ հանդիսութիւն-ընդունելութիւնը, նշելու համար Թեմէն ներս կատարուած 41-րդ առաջնորդական ընտրութիւնը, որու ընթացքին միաձայնութեամբ Առաջնորդ ընտրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան անդամներէն՝ Գերպ Տ Գրիգոր Ծ Վրդ Չիֆթճեանը։
Հանդիսութեան ներկայ էին Երեսփոխանական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անցեալի թէ ներկայի անդամները։
Ցուցադրուեցաւ նորընտիր Առաջնորդի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերեալ տեսերիզ, Թաւրիզի Հայ Համալսարանական Միութեան կողմէ պատրաստուած։
Ապա կիրարկուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, Թաւրիզի Եկեղեցիներու Կոմիտաս երգչախումի անդամներուն կողմէ։
Ապա, նորընտիր առաջնորդի կեանքին ու գործունէութեան գլխաւոր հանգրուանները նշելով, մանաւանդ կեդրոնացաւ վերջին ութ ամիսներուն անոր կատարած աշխատանքին Ատրպատականի Հայոց Թեմէն ներս։
Աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ նորընտիր առաջնորդը տալու իր պատգամը։ Տօնական մթնոլորտի մէջ կայացած այս նշումի փառքն ու պատիւը Թեմի զաւակներուն ձօնելով, ան իր գնահատանքը յայտնեց ներկաներուն ու կազմակերպիչներուն։
Առաջնորդ Գրիգոր Ծ Վարդապետ իր խօսքին մէջ յատկապէս շեշտեց յոյսի դերակատարութիւնը, որ ամէնէն դժուարին պահերուն իսկ նեցուկ կը կանգնի մարդ էակին, փրկելով զայն անել կացութենէն ՜՜Մենք յուսահատելու պատճառ չունինք։ Ո՛չ մեր թիւի նուազումը, ո՛չ տնտեսական պատճառները, ո՛չ ալ այլ հաշուարկներ չեն կրնար մեր դարաւոր կամքը տկարացնել։ Երբ նայինք պատմութեան, մեր հայրերու գործերուն մէջ մէկ առ մեծատառ կը կարդանք ՅՈՅՍ։ Նոյն այդ յոյսն է որ մեզի ընկերացած է հարիւրաւոր տարիներ, յատկապէս այս տարածաշրջանին մէջ, մեզ հասցնելով մինչեւ այս օրերը։ Անցնող բոլոր սերունդներու աչքերուն մէջ այս բառը կը կարդացուէր, իրենց աչքերուն առջեւ այս բառը կը տեսնէին անոնք, եւ իրենց մտքին մէջ այս բառն կը լղորճուէր, ազգային եկեղեցական մեր կեանքը պահպանելու համար այս ափերուն՝՝։
Ապա, Առաջնորդը անդրադառնալով կատարուած ընտրութեան, ըսաւ ՜՜Դուք այս Թեմին համար առաջին ծառայ ընտրեցիք ինձ։ Այս Աթոռին տուած փառքը ծառայութեամբ կ'արժեւորուի, այլապէս ան կը դառնայ սին փառք, ժամանակաւոր ու վաղանցուկ փայլք, որ ժամանակին հետ կը կորսուի պատմութեան մթութեան մէջ։ Ինձմէ առաջ 40 առաջնորդներ եղած են, գործած ու անցած այս Թեմէն ներս, սկսեալ 1247 թուականէն, երբ կազմաւորուած է Ատրպատականի Հայոց Թեմը՝՝։
Այս ուրախ առիթով, Թեմական Խորհուրդը յուշանուէր մատուցեց նորընտիր Առաջնորդին։
Հանդիսութեան աւարտին միասնաբար երգուեցաւ Կիլիկիա մաղթերգը եւ Պահպանիչով փակուեցաւ յիշարժան յայտագիրը։ Աջահամբոյրէն ետք, Ազգային Առաջնորդարանի պարտէզներուն մէջ բացօթեայ ճաշկերոյթին մասնակից դարձան բոլոր ներկաները։








All the contents on this site are copyrighted ©.