2012-08-24 13:16:20

Սուրիոյ Տագնապի Լուծում...


Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը զգուշացուցին ըսելով, որ իր ժողովուրդին կամ ընդդիմադիր ուժերուն դէմ քիմիական զէնքերու օգտագործումը կամ պարզապէս զանոնք օգտագործել սպառնալը ամբողջովին մերժելի քայլ մը պիտի ըլլայ եւ զիրենք պիտի մղէ տագնապին նկատմամբ իրենց ռազմավարութիւն փոխելու:
Երկու կողմերը յոյս յայտնած են, որ սուրիական ընդդիմութեան Գահիրէի մէջ նախատեսուած ժողովը յաջողի յառաջիկայ փոխանցման հանգրուանը կառավարելու պատկերացումին շուրջ տեսակէտները միացնել:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի յայտնեց, որ իր երկիրը կը մերժէ Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի ստեղծելու որեւէ ծրագիր` այդ քայլը նկատելով Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամտութիւն:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի մարդասիրական հարցերով տեղակալ Վալերի Ամոս իր կարգին յայտնեց, որ «Ապահովական խորհուրդին կողմէ Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիներ ստեղծելու որոշում տալու փափաք չեմ տեսներ»:
Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարի ԱՄՆ-ի իր պաշտօնակից Հիլըրի Քլինթընին յայտնած է, որ «Իրաք Սուրիոյ կացութեան շրջանային միջամտութեանց չի զօրակցիր եւ տագնապի ռազմականացման կ՛ընդդիմանայ»:
Սուրիական ընդդիմադիր Յեղափոխութեան վարչական խորհուրդի ղեկավար Հայսամ Մալեհ յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ թրքական կեցուածքը անորոշ է. Թուրքիա ՜՜սկիզբը սուրիացի ժողովուրդին աջակցելու առումով խանդավառուեցաւ, սակայն այժմ նախապէս ներկայացուցած իր պատկերացումէն նուազը կը ներկայացնէ։
Ապահովական գետնի վրայ երէկ Հին Հալէպի թաղամասերուն մէջ բախումներ տեղի ունեցան մասնաւորաբար Ճիտէյտէն զինեալներու մնացորդացէն ձերբազատելու գործողութեանց ընթացքին: Բախումներ տեղի ունեցան նաեւ Անսարի եւ Սուլէյման Հալապի թաղամասերուն մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.