2012-08-24 13:31:47

Մարտինի Հայկական Եկեղեցին Նիւթական Միջոցներու Բացակայութեան Պատճառով Չի Վերանորոգուիր։


« Մարտինի Քըզըլթեփէ շրջանին մէջ գտնուող հայկական Ս. Գէորգ եկեղեցին, որ տարիներ շարունակ իբրեւ պահեստանոց ծառայած է, քանի մը տարի առաջ վերադարձուած էր հայ կաթողիկէ համայնքին, սակայն այստեղէն ալ տեղեկացուցած են, որ իրենք եկեղեցւոյ վերակառուցման համար բաւարար միջոցներ չունի( կը գրէ Էւրենսել» օրաթերթը աւելցնելով) եկեղեցւոյ պահակը` Ատիլ Օք պատմած է, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան գոյութեան ամբողջ ընթացքին եկեղեցին իբրեւ պահեստանոց ծառայած է: «Այս եկեղեցին փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ համակարգին ունեցած վերաբերմունքին լաւագոյն վկայութիւնն է», ըսած է Ատիլ Օք :
Երկար տարիներ Թուրքիոյ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան կողմէ իբրեւ պահեստանոց օգտագործուած եկեղեցին այժմ կիսաւեր է:
Օրաթերթը կը գրէ, որ 2007-ին Մարտինի հայ կաթողիկէ համայնքին յանձնուած եկեղեցին չի վերակառուցուիր` նիւթական միջոցներու բացակայութեան պատճառով: Այժմ եկեղեցին փլուզման վտանգի տակ է:
Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ կառուցման թուականը յայտնի չէ, սակայն Անատոլուի մէջ գտնուող բազմաթիւ եկեղեցիներու նման ոչնչացման դատապարտուած է:
Հայկական հիմնադրամին յանձնուած եկեղեցին չէ վերակառուցուած, սակայն անոր փլուզումը կանխարգիլելու համար տանիքին վրայ որոշակի աշխատանքներ կատարուած են:
Եկեղեցին բացայայտուած էր շնորհիւ գրող, հրատարակիչ Ռակըփ Զարաքոլուի` անոր շրջան կատարած այցելութեան ընթացքին:
2004-էն սկսեալ պաշտպանութեան տակ առնուած եկեղեցին վերանորոգելու որոշումը տրուած է, սակայն մինչեւ որոշումին գործադրութիւնը եկեղեցւոյ պահակը 7 մեթրնոց փոս փորած է եւ գանձ փնտռած, ինչ որ աւելի վատթարացուցած է արդէն իսկ փլուզման վտանգի տակ գտնուող եկեղեցւոյ վիճակը:








All the contents on this site are copyrighted ©.