2012-08-23 14:14:17

Սուրիան 90 Միլիոն Տոլարի Մարդասիրական Օգնութեան Կարիք Ունի.


Սուրիոյ մէջ մարդասիրական կարիքներու բաւարարման համար հարկաւոր է մօտ 90 միլիոն տոլար, յայտնած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարի մարդասիրական հարցերով տեղակալ Վալերի Ամոսը, որ նախորդ շաբաթ այցելած էր Սուրիա եւ Լիբանան: Անոր խօսքով` անցեալ ամիս Սուրիոյ աւելի քան 800.000 բնակիչ մարդասիրական կազմակերպութիւններէն ստացած է պարէնային օգնութիւն: Նաեւ, ընթացիկ ամսուան առաջին երկու շաբաթուան ընթացքին մաքրութեան պարագաներ, վերմակներ եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներ բաժնուած են մօտ 60.000 բնակիչի: Սակայն ասիկա, ըստ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչին, բաւարար չէ, «յատկապէս երբ օգնութեան կարիք ունի մօտ 2.5 միլիոն մարդ»:
Ան յիշեցուցած է, որ ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու համակարգման վարչութիւնը դիմած էր միջազգային հանրութեան` կոչ ուղղելով յատկացնել 180 միլիոն տոլար` Սուրիոյ բնակիչներուն ու տեղահանուած անձերուն օգնութեան նպատակով: Ներկայիս, ըստ անոր, կազմակերպութիւնը ստացած է գումարին կէսը: Ամոսը կոչ ուղղած է միջազգային հանրութեան «առաւել շռայլ» ըլլալու:
Ան նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է սուրիական դպրոցներուն մէջ տիրող ոչ մաքուր իրավիճակին հետ կապուած, որոնք հակամարտութեան ժամանակահատուածին վերածուած են փախստականներու համար կացարաններու: Ասիկա, ըստ անոր, իսկակական աղէտ է կրթական համակարգին համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.