2012-08-23 10:14:10

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ


Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն
Զրոյց Երեսունչորսերորդ – Գլուխ Գ.­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳՒՈՅՆ (2)

Հարցում թիւ 119. Ինչպէ՞ս կը գործէ Սուրբ Հոգին Եկեղեցւոյ մէջ։
Սուրբ Հոգին կը կառուցանէ Եկեղեցին։ Ան կը խթանէ զայն եւ իրեն կը յիշեցնէ իր առաքելութիւնը։ Ան կը կոչէ կարգ մը անձեր իր ծառայութեան եւ անոնց կու տայ հարկ եղած ձիրքերը։ Ան մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի միշտ աւելի խոր հաղորդակցութիւն Սուրբ Երրորդութեան հետ։
Նոյնիսկ եթէ իր երկարատեւ պատմութեան ընթացքին, Եկեղեցին բազմիցս այն տպաւորութիւնը ձգած է թէ ՙՉէր գիտեր թէ իրապէս ինչ կ՛ընէր՚, Սուրբ Հոգին սակայն միշտ գործած է անոր մէջ, հակառակ շատ մը սխալներուն եւ մարդկային տկարութիւններուն։ Իր երկու հազար տարուած գոյութիւնը եւ զանազան ժամանակներու եւ մշակոյթներու բազմաթիւ սուրբերը, իրենք միայն կու տան տեսանելի ապացոյցը Սուրբ Հոգւոյն ներկայութեան։ Ինքն է որ կը պահէ Եկեղեցւոյ ամբողջութիւնը ճշմարտութեան մէջ եւ կ՛առաջնորդէ զայն միշտ աւելի առաջ`աստուածգիտութեան մէջ։ Սուրբ Հոգին է որ կը գործէ Խորհուրդներուն մէջ եւ Սուրբ Գիրքը կենդանի կը դարձնէ մեզի համար։ Մինչեւ օրս տակաւին ան կ՛ընծայէ այն մարդոց որ ամբողջովին կը բացուին իրեն, իր շնորհքին պարգեւները։
Հարցում թիւ 120. Ինչպէ՞ս կը գործէ Սուրբ Հոգին իմ կեանքիս մէջ։
Սուրբ Հոգին զիս ատակ կը դարձնէ Աստուծոյ. Ան կը սորվեցնէ ինծի աղօթել եւ կ՛օգնէ պատրաստ ըլլալու ծառայելու ուրիշներուն։
Ըստ Սուրբ Օգոստինոսի, Սուրբ Հոգին լռակեաց հիւրն է մեր հոգւոյն։ Իր ներկայութիւնն զգալու համար, հարկ է լռութիւն պահել։ Այս հիւրը յաճախ կ՛արտայայտուի մեր մէջ եւ մեր հետ, շատ նրբօրէն, խղճի ձայնովը կամ ուրիշ ներքին կամ արտաքին ազդակներով։ Սուրբ Հոգւոյն տաճարը հանդիսանալ` կը նշանակէ ներկայ ըլլալ, հոգւով եւ մարմնով` ընդունելու համար այս հիւրը որ է Աստուած`մեր մէջ։ Մեր մարմինը ձեւով մը Աստուծոյ բնակարանն է։ որքան աւելի բացուինք Սուրբ Հոգւոյն, այնքան ան կ՛ըլլայ տէրը մեր կեանքին, այնքան աւելի ան կը փութայ մեզի տալու իր շնորհքները` կառուցելու համար Եկեղեցին։ Այսպէսով, փոխանակ մարմնոյ գործերուն, մեր մէջը կ՛աճին Սուրբ Հոգւոյն պտուղները։








All the contents on this site are copyrighted ©.