23 Օգոստոս 1990-ին Ընդունուեցաւ Անկախութեան Հռչակագիրը
Այսօր կը լրանայ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագրի ընդունման 22-րդ տարեդարձը: 23 Օգոստոս
1990-ին Հայաստանի առաջին գումարման Գերագոյն խորհուրդը ընդունեց Անկախութեան հռչակագիրը`
հռչակելով անկախ պետականութեան հաստատման գործընթացին սկիզբը: Հռչակագիրին ընդունումէն
անմիջապէս ետք` Օգոստոս 24-ին, հիմնուելով «Հայաստանի անկախութեան մասին» հռչակագիրին
վրայ՝ ՀԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդը որոշեց Հայկական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւնը
վերանուանել Հայաստանի Հանրապետութիւն, իսկ գործող 12-րդ գումարման Գերագոյն խորհուրդը
համարել Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին գումարման Գերագոյն խորհուրդ: Հայաստանի Անկախութեան
հռչակագիրը, ընթերցած է պատգամաւոր Արամ Մանուկեան: «Այդ օրն իսկապէս Աստուածային
էր բոլորիս համար: Ընդդիմութիւն չկար, իշխանութիւն չկար: Բոլորը մէկ մարմին էին: Ես չգիտեմ
մեր ժողովուրդը էլ երբեւէ կ'ապրի՞ նման պահ, թէ՛ ոչ»,- տարիներ անց «A1+»-ին տուած հարցազրոյցին
վերյիշած է Արամ Մանուկեան` աւելցնելով, որ այդ պահուն շատ յուզուած էր եւ պատասխանատւութենէն
նոյնիսկ ծունկերը կը դողային:
Անկախութեան հռչակագիրը կը հիմնուէր Հայկական ԽՍՀ
Գերագոյն խորհուրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհուրդի 1 Դեկտեմբեր 1989-ի «Հայկական
ԽՍՀ եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին» համատեղ որոշման վրայ: Մէկ տարի անց`
21 Սեպտեմբեր 1991-ին Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը որոշում ընդունեց ԽՍՀՄ կազմէն դուրս
գալու, եւ անկախ պետականութիւն հաստատելու մասին հանրաքուէ տեղի ունեցաւ: Անկախութեան
քուէին «այո» ըսաւ Հայաստանի քաղաքացիներուն 94,99%-ը: Հայաստանի առաջին Գերագոյն
խորհուրդը կազմաւորուած էր 1990-ին եւ բաղկացած էր մեծամասնական ընտրակարգով ընտրուած
260 պատգամաւորներէ: Այդ ժամանակ Հայաստան դեռ խորհրդային հանրապետութիւն էր: Նոր
խորհրդարանին մէջ, որ սկսած էր գործել նոյն թուականի Յուլիս 20-ին, ներկայացուած էր քաղաքական
երկու ուժ` Կոմունիստական կուսակցութիւնը եւ Հայոց համազգային շարժումը: Յետագային
այդ խորհրդարանին մէջ կազմաւորուեցան «Հայոց համազգային շարժում», «Հայաստանի Ռամկավար
Ազատական», «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» եւ «Հայաստանի կոմունիստական կուսակցութիւն»
խմբակցութիւնները:
Գերագոյն խորհուրդին մէջ կը գործէին նաեւ «Հանրապետութիւն»,
«Արցախ», «Լիպերալ-դեմոկրատներ», «Ազգային առաջադիմութիւն» պատգամաւորական խումբերը:
Անկախութեան
հռչակագիրը կը հիմնուէր Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային
խորհուրդի 1 Դեկտեմբեր 1989-ի «Հայկական ԽՍՀ եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին»
համատեղ որոշման վրայ:
Մայրաքաղաքի Մելիք Ադամեան փողոցին վրայ գտնուող կառավարութեան
համագումարներու շէնքի ճակատային մասին, ուր այն ժամանակ կը գործէր առաջին գումարման
խորհրդարանը, տեղադրուած է յուշատախտակ, որուն վրայ փորագրուած է. «Այս տանը 1991 թուականի
Օգոստոսի 23-ին ընդունուել է Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրը»:
Նշենք, որ Անկախութեան
հռչակագիրին բնօրինակը կորսուած է: Անիկա, ինչպէս կը նշէ Արամ Մանուկեան, գողցուած է
2007-ին` իր ինքնաշարժէն: Փաստին առիթով Արամ Մանուկեան դիմած էր ոստիկանութիւն, սակայն
հետաքննութիւնը ոչինչ տուած էր: