2012-08-22 10:44:51

Տասնհինգամեայ Աշակերտին Գիւտը։


''Քաղցկեղը 168 Անգամ Աւելի Արագ Ախտորոշել '' Տասնհինգամեայ ամերիկացի աշակերտը` Ջէք Անդրական, ստեղծած է քաղցկեղի ախտորոշման նոր թեստ, որ ներկայիս կիրառուող միւս միջոցներու համեմատ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ քաղցկեղը յայտնաբերել 168 անգամ աւելի արագ, կը գրէ BBC-ն:
Ի դէպ, Ջէք Անդրականի գիւտը հնարաւորութիւն կու տայ քաղցկեղը յայտնաբերել 1000 անգամ աւելի աժան:Մայիսին Անդրական ցուցադրած է իր գիւտը Intel International Science and Engineering Fair միջազգային գիտատեխնիկական ցուցահանդէսի մէջ եւ մրցանակ ստացած` 75 հազար տոլարի չափով:
Այժմ ան ուսումնասիրութիւններ կ’անցնէ Բալտիմորի Ջոն Հապկինսի համալսարանի մէջ: Տղու խօսքով` սուփըրթեստի ստեղծմանը անոր օգնած է Google որոնողական համակարգը:
Google–ի օգնութեամբ գտած եւ ուսումնասիրած է յօդուածներ, որոնք կիրառած է իր աշխատանքի մէջ, իսկ միտքը ան յղացած է, կենսաբանութեան դասի ժամանակ:









All the contents on this site are copyrighted ©.