2012-08-22 11:28:26

Սուրիոյ Առաքելական Նուիրակին Կոչը Հրադադարի Ի Յարգանս Մարդկային Միջազգային Իրաւունքի`


Խաղաղութիւնը չի կրնար գալ եթէ ոչ սուրիացիներէն։ Սուրիոյ առաքելական նուիրակը` գերապայծառ Մարիօ Զէնարի կոչ ըրաւ Սուրիոյ զինեալ ընդհարումին դադարի ի նպաստ, խնդրելով՝ բոլոր կռուող կողմերէն խստիւ յարգել մարդկային բոլոր իրաւունքները, որ ներկայիս ոտքի կոխան եղած են։
Ան մամուլին հետ ունեցած ելոյթով հաստատեց որ Սուրիոյ տագնապի լուծումը նախ եւ առաջ կախում պէտք է ունենայ սուրիացիներէն եւ ոչ թէ միջազգային հասարակութենէն։ Խօսելով քրիստոնեաներու ներկայութեան մասին, Վատիկանի դիւանագէտը յայտնեց. ՜՜սուրիացի քրիստոնեաներու առաքելութիւնն է ըլլալ կերտիչները կամուրջներու՝՝ ան նաեւ իր ուրախութիւնը յայտնեց որ ՜՜երիտասարդ քրիստոնեաներ այդ ուղղութեամբ կ'աշխատին՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.