2012-08-22 11:14:33

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը։


(Չորեքշաբթի 22 օգոստոս 2012)-Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի բազմահազար ուխտաւորներուն, խմբուած՝ Գասթել Կոնտոլֆօ՝ քահանայապետական ամարանոցը։
Սրբազան Քահանայապետը այսօրուայ իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի վրայ։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, այսօր եկեղեցին կը ոգեկոչէ յիշատակը Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի, ճանչցուած որպէս ''Թագուհի''։
Այս տօնը հաստատուած է երջանկայիշատակ Պիոս ԺԲ Քահանայապետէն 1954-ին, մարեմեան տարւոյն աւարտին, հաստատելով անոր յիշատակութիւնը մայիս 31-ին համար։ Այդ առթիւ Պիոս ԺԲ ըսած էր որ ՜՜Մարիամ թագուհիներու Թագուհին է՝՝ իր մեծահոգիին ու Աստուծմէ ստացած աստուածային պարգեւներուն համար։ Աստուածածինը իր կարգին կը շարունակէ միշտ աւելի բաշխել մարդկային ու սիրոյ բոլոր գանձերը։ Վատիկնեան Բ ժողովի բարեկարգումէն ետք այս տօնը տեղափոխուեցաւ ՜՜Անոր Վերափոխման 8-րդ օրուան՝՝ ընդգծելու՝ սերտ կապը անոր վսեմութեան ու մարմնով ու հոգւով փառաւորութեան միջեւ։
Ապա Սրբազան Քահանայապետը հարց տուաւ ՜՜ Մարիամ ի՞նչպէս կը գործադրէ իր վսեմութիւնը՝՝ եւ ըսաւ ՜՜ Հսկելով իր զաւկներու վրայ։ Զաւակներ որ իրեն կը դիմեն հայցելով անոր հովանաւորութիւնը ու պաշտպանութիւնը՝՝։
''Ընդ հովանեաւ աղօթքը'' ինքնին կը բացայայտէ ամէն հաւատացեալի որդիական վստահութիւնը Տիրամօր վրայ։
Սիրեցեալ բարեկամներ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով՝ մեր աղօթքը Տիրամօր, էական կէտ մըն է մեր հոգեւոր կեանքին։
Ան մեր բարեխօսն է իր Որդիին մօտ։
Ան երկինքի թագուհին է նստած Աստուծոյ մօտ եւ միաժամանակ մեր ամէնուն մայրն է, մեզ կը սիրէ ու մեզի կ'անսայ։
Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն ըսելով.՜՜Սիրելիներ Քրիստոսի լոյսը թող միշտ լուսաւորէ ձեր կեանքը ու զայն բարիքներով պտղաբեր դարձնէ՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.