Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Իսրայէլի մօտ առաքելական դեսպան նշանակեց գերապայծառ
Ճիւզէփփէ Լածառոթթօ-ն։ Յայտնենք որ Իսրայէլը ու Ս. Աթոռը դիւանագիտական կատարեալ
կապեր հաստատած են 1993-ին , սակայն 15 տարի է ի վեր բանակցութիւնները կը դիմագրաւեն
խոչընդոտներ քաղաքական, իրաւական ու ֆինանսական գետնի վրայ, մեծ յոյսեր կան որ բանակցութիւնները
յանգին դրական լուծումի մը։ Գերապայծառ Լածառոթթօ 1971էն ի վեր կը ծառայէ Ս. Աթոռի դիւանագիտութեան
մօտ։ 1994-ին եղած է առաքելական դեսպան Յորդանանի ու Իրաքի մօտ, ապա Իրլանտայի մօտ