2012-08-21 13:40:35

Հաղորդակցութիւն Ու Ազատագրում Կոչուած Շարժումի 33-րդ Գիտաժողովը։


''Աստուծմէ կախում ունենալ մարդու համար ազատագրում մըն է'' գիտաժողովի մասնակցողներուն ուղղած պատգամին մէջ կ'ընդգծէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը -Ռիմինի :
Ներկայիս Իտալիոյ Ռիմինի քաղաքին մէջ տեղի կ'ունենայ ՜՜Հաղորդակցութիւն ու ազատագրում՝՝ կոչուած շարժումի 33-րդ գիտաժողովը։ Ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութիւնը Ռիմինիի ժողովը Իտալիոյ համար դարձած է ճշմարիտ հասատատութիւն մը, որուն կը մասնակցին Իտալիոյ քաղաքական, համալսարանական ու եկեղեցական մեծ անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ զանազան երկիրներէն հրաւիրուած հեղինակաւոր դէմքեր։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ժողովականներուն ուղղած պատգամին մէջ կը գրէ ՜՜մարդը Աստուծոյ մէկ արարածն է, հետեւաբար ան Աստուծմէ կախում ունի։
Կապը արարիչին ու արարածին միջեւ պէտք չէ խզուի, այլ անիկա պէտք է ուղղէ մարդը դէպի Քրիստոս, Ան է որմեզ մեզ ճշմարտապէս ազատ կը դարձնէ։ Նորին Սրբութիւնը կը յիշեցնէ որ մարդու բնութիւնը անհունին հետ կապուած է, ասիկա կը նշանակէ որ ամէն մարդ արարած կարող է երկխօսութեան մէջ մտնելու Աստուծոյ հետ` այսինքն անհունին հետ։ Ճանչնալ որ եղած ենք անմահութեան համար կը նշանակէ որ պէտք է ձերբազատուիլ թիւր անհուններէն , որպէսզի կարենանք ապրիլ որպէս Աստուծոյ ազատ զաւակներ։
Յայտնենք որ Ռիմինիի գիտաժողովը իր աշխատանքները կ՝եզրափակէ յառաջիկայ 25 օգոստոսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.