2012-08-21 14:17:35

Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանի Հանդիպումը ՀՀ Սփիւռքի Նախարարին Հետ-Երեւան։


Շաբաթ 18 Օգոստոսին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն այցելած են Արհիապատիւ հայր Ռաֆայէլ արք. Մինասեան առաջնորդ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ՝ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի թեմին, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Գերյ. հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, եւ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան՝ մամլոյ ներկայացուցիչը. (այսպէս կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան պաշտօնական կայքէջը)։
Հանդիպման ընթացքին, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հ. Յակոբեան կարեւորած է Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման գործընթացին մէջ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ծանրակշիռ դերը եւ բարձր գնահատած է Զմմառու Միաբանութեան դերակատարութիւնը հայ մշակոյթի պահպանման գործընթացին մէջ:
Զմմառու Միաբանութեան հանրահռչակման նպատակով, տիկին Յակոբեան առաջարկած է Սփիւռքի նախարարութեան միջոցներով պատուիրել Զմմառու Միաբանութեան նուիրուած հաղորդում եւ 2013 թուականի մայիս ամսոյն Զմմառի մէջ կազմակերպել «Զմմառը հայ իրականութեան մէջ» թեմայով համաժողով:
Այնուհետեւ քննարկուած են հայ գիրքի տպագրութեան 500 ամեակի շրջագիծէն ներս, 20 հոկտեմբերին Զմմառու վանքին մէջ կազմակերպուելիք ցուցահանդէսի նախապատրաստական հարցերը: Ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ ՀՀ սփյուռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ: Նշուած է որ Զմմառու վանքի Մատենադարանի վերաբացումը եւ ցուցահանդէսի կազմակերպումը եւս մէկ առիթ է վերարժեւորելու, հանրահռչակելու Զմմառի Մատենադարանի, Մշակոյթի կեդրոնի, 270-ամեայ Զմմառու վանքի ազգային ժառանգութիւնը: Այնուհետեւ հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան նախարարութեան ներկայացուցած է Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան ծրագիրները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ Հայաստանի մէջ մշակոյթի կեդրոն հիմնելու ծրագրին վերաբերեալ հարցեր: Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցոյ պատուիրակութեան անդամները ներկայացուցած են իրենց մօտեցումները այս հարցին առընչութեամբ: Նշուած է, որ սոյն կեդրոնին մէջ կրնայ մէկտեղուիլ եւ ներկայացուիլ Սփիւռքի մէջ պահպանուած հայութեան ողջ մշակութային արժէքներու պատճէններն ու մանրակերտերը: Այս կեդրոնը կրնայ ապագային անդրադառնալ Սփիւռքի մէջ պահպանուած հայկական մշակութային արժէքներուն








All the contents on this site are copyrighted ©.