2012-08-20 15:42:07

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին Ցաւակցագիրը Իրանի Երկրաշարժին Զոհերուն Համար։


Պէյրութ- Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս Պատրիարքը ցաւակցական նամակ մը յղեց Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպան տոքթոր Ղատանվար Ապատիին, Թաւրիզի շրջանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած երկրաշարժին զոհերուն համար:
Նամակին մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը համայն իրանի ժողովուրդին յայտնեց իր ցաւակցութիւնները, աղօթելով առ Աստուած որ անոնց պարգեւէ ողորմութիւն եւ վիրաւորեալներուն շուտափոյթ ապաքինում։








All the contents on this site are copyrighted ©.