2012-08-20 15:27:55

Պոլսահայերու Պատրաստակամութիւնը Օգնելու Սուրիահայերուն։


Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակը, դժուար կացութեան մատնած է հայերը։ Թէեւ հայկական թաղամասերուն մէջ բախումներ տեղի չեն ունեցած, սակայն իրավիճակը այստեղ լարուած է, կը յայտնէ Ակօս թերթը նշելով՝ որ ՜՜՜սուրիահայերը վտանգին դէմ յանդիման են եւ այս իրավիճակին մէջ Թուրքիոյ հայ համայնքը անտարբեր մնալ չի կրնար: Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի առաջնորդ Թաթուլ Անոյշեան յայտարարած է, որ իրենք չեն խուսափիր սուրիահայերուն հանդէպ իրենց ունեցած պարտականութիւններէն:
Կիրակի օրը, Թուրքիոյ հայկական եկեղեցիներուն մէջ մատուցուած պատարագին ընթացքին՝ հայերը աղօթած են Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման համար:
«Ակօս»-ի թղթակիցը զրոյց ունենալով Թուրքիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ եզրակացուցած է, որ պոլսահայերը պատրաստ են օգնելու Հալէպի, Դամասկոսի եւ Քեսապի մէջ ապրող իրենց հարազատներուն: Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ հիմնադրամի ղեկավար Յարութիւն Շանլը, օրինակ, նշած է, որ իրենք պարտաւոր են հնարաւոր ամէն ինչ ընելու: «Սթամպուլի մէջ անոնց կրնանք ընդունիլ, կրնանք անհրաժեշտ սնունդով ապահովել: Սուրիահայ համայնքին օգնելը բոլորիս պարտքն է: Թուրքիոյ հայերը Իրաքի պատերազմին ընթացքին ալ օգնութեան ձեռք մեկնած են հայերուն»,- ըսած է ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.