2012-08-20 14:58:23

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Աղօթքը։


Կիրակի 19 Օգոստոսի՝ կէսօրին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Հրեշտակ Տեառն աղօթքը արտասանեց Գասթել Կոնտոլֆօ քահանայապետական ամարանոցէն հարիւրաւոր ուխտաւորներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց ՜՜Յիսուսի ճառը Կափառնաումի տաճարին մէջ՝՝ նիւթին վրայ ու խօսեցաւ Ս. Հաղորդութեան Խորհուրդին մասին։

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր,
այսօրուայ աւետարանը կը բացայայտէ Յիսուսի հացերու եւ ձուկերու բազմացումի նշանակութիւնը։ Խոստումներու ժամանանակը աւարտած ու կատարուած է։ Հայր Աստուած անապատին մէջ կերակրած էր իսրայէլցիները անոնց տալով մանանան, իսկ այսօր ուղարկած է իր Միածին Որդին որպէս կեանքի ճշմարիտ հաց եւ այդ հացը իր մարմինն է, իր կեանքը, տրուած՝ որպէս ՜՜Զոհ՝՝ մեզի համար։
Ուստի կանչուած ենք հաւատքով ընդունելու՝ այս ճշմարտութիւնը, եւ ճաշակել Իր Մարմինը ու ըմպել Իր Արիւնը, որպէսզի կեանքի լիութիւնը ունենանք։
Նման ճառ մը (ըսաւ Նորին Սրբութիւնը) բնականաբար դժուար է ընդունիլ։ Աշակերտներն ու ամբոխը խանդավառ էին ի տես հրաշքով ՜՜հացի բազմացումին՝՝ սակայն պատրաստ չէին ընդունելու Յիսուսի սա խօսքը. ''ով որ ուտէ իմ մարմինս եւ ճաշակէ իմ արիւնս կը բնակի ի մէջս, ու ես անոր մէջ''։
Կեանքի հացին ճառին հետեւանքով՝ խոր դժգոհութիւն եւ տագնապ կը ստեղծուին ոչ միայն հրեաներու, այլ նաեւ՝ աշակերտմերուն մէջ։ Անոնք ճշմարիտ աշակերտներ չէին, այլ ժամանակի մը համար խանդավառներ, որոնք կը քաշուին, կը հեռանան երբ իրենց հաւատքը կ'ենթարկուի փորձութեան. ՜՜Աշակերտներէն շատեր քաշուեցան եւ այլեւս իր հետը չէին շրջեր, որովհետեւ իրենց համոզումով Յիսուս այն Մեսիան չէր որ կ'ուզէին, անոնք կը սպասէին թագաւոր մը որ իշխէր այս երկրի վրայ՝՝։
Սիրեցեալ հաւատացեալներ, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ, մենք կանչուած ենք սքանչանալու Յիսուսի խօսքերէն։ Ան ցորենի այն հատիկն է որ նետուած է պատմութեան ակօսներու մէջ։ Ան է նախապտուղը նոր մարդկութեան, ձերբազատուած՝ մեղքի ու մահուան ապականութենէն։
Ճանչնանք գեղեցկութիւնը Ամենասուրբ Հաղորդութեան, որ կը դրսեւորէ Աստուծոյ խոնարհութիւնն ու սրբութիւնը. ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով՝ Աստուած մեզի համար փոքր կը դառնայ որպէսզի մեզ ամէնքս հաշտեցնէ իր սիրոյ մէջ։
Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը՝ որ աշխարհ բերաւ կեանքի Հացը, թող մեզի սորվեցնէ սերտ միութեամբ ապրելու Յիսուսի մէջ։
Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքէն ետք՝ Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները։ Լեհ ուխտաւորներուն ուղղած խօսքին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ ողջունեց համայն Ռուսիոյ պատրիարք Կիւրեղ Ա-ի այցելութիւնը Լեհաստան եւ որուն ընթացքին Ռուսիոյ պատրիարքը հանդիպում ունեցաւ լեհաստանի եպիսկոպոսական դասին հետ, ողջունեց նաեւ ՜՜ միացեալ յայտարարութիւնը՝՝ միասնաբար համագործակցելու՝ աւետարանական արժէքներու քարոզութեան ու ծաւալումին համար ըսելով. ՜՜Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի սէրը ձեզի միշտ ընկերանայ։
Սրբազան Քահանայապետը Բարի Կիրակի մաղթեց ամէնուն եւ այսպէս եզրափակեց իր խօսքը. ՜՜ Ձեզ ամէնքդ կ'ողջունեմ։ Թող Յիսուսի Անունը Միշտ Փառաւորեալ ըլլայ՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.